Արցախը Մեր Սրտին Եւ Հոգիին ՄԷջ Է. Պէյրութի «Վահան Թէքէեան» Վարժարանը Միացած Է Համահայկական Շարժման
«Միանալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած պահելու հրամայականով` Պէյրութի «Վահան Թէքէեան» միջնակարգ վարժարանի աշակերտներն ամէն ճիգ գործադրելով պատրաստ են սատար հանդիսանալու Արցախի բարգաւաճման ու գոյատեւման` բարձր պահելով հայեցի կրթադաստիարակչութիւնը, արուեստը, մշակոյթը եւ հայրենիքի հանդէպ անսահման սէրը:
Ապրի՛լ հայրենիքի շունչով, հետեւի՛լ հայրենիքէն ներս կատարուող անցուդարձին, օգնութի՛ւն ցուցաբերել հայրենիքի քոյր-եղբայրներուն` անոնց նուիրելով այն` ինչ օգտակար է անոնց կեանքի բարելաւման համար: Արցախը մեր սրտին եւ հոգիին մէջ է»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը գրեն Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի «Վահան Թէքէեան» միջնակարգ վարժարանէն: