Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Լիբանանահայ Մտաւորական Պարոյր Աղբաշեանի Գիրքի Շնորհանդէսին

Ապրիլ 12-ին Երեւանի պետական համալսարանի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ կայացաւ լիբանանահայ հրապարակախօս, գրականագէտ, Միջազգային լրագրողներու միութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան, Լիբանանի արաբ մամլոյ ընկերակցութեան անդամ Պարոյր Աղպաշեանի «Երեւանի պետական համալսարան (95 ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագիրով գիրքի շնորհանդէսը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ  սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, գիրքի հեղինակ Պարոյր Աղպաշեան, ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեան, «Ազգ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, գրականագէտներ, դասախօսներ, ուսանողներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Մայր բուհը, Մայր տաճարը իւրաքանչիւրիս մէջ դնում է անջնջելի մի հետք, վառում է մի ջահ, որը ժամանակի ընթացքում մնում է անմար: Եւ այն զգացմունքները, սէրը, որ կայ իւրաքանչիւր ուսանողի մէջ դէպի Մայր բուհը, աննկարագրելի է, մանաւանդ` տարիների հեռուից: Այս ամէնի վառ ապացոյցն է Պարոյր Աղպաշեանը: Նա կատարել է մեծ գործ` մէկ գրքում ներկայացնելով Երեւանի պետական համալսարանի երախտաւոր դասախօսների կերպարները, այն մեծամեծներին, ովքեր հայ գրի ու գրականութեան, հայոց լեզուի տիտաններ եղան, համալսարանը կանգուն պահեցին, սերունդներ կրթեցին ու դաստիարակեցին եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին գալիք սերունդներին»,-նշեց նախարարը` շնորհակալութիւն յայտնելով գիրքի հեղինակին Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս` Լիբանանի, հայապահպանութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, միաւորման եւ հզօրացման գործին մէջ մեծագոյն ներդրում ունենալու, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան տարբեր հարթակներու վրայ գործունէութիւն ծաւաւելու, խմբագրական բազմամեայ բեղուն աշխատանքի համար: «Պարո՛ն Աղպաշեան, Դուք մշտապէս կարողացել էք Ձեր խօսքի, գրչի, մտքի ուժով ծառայել ե’ւ Սփիւռքին, ե’ւ Հայրենիքին: Մենք սպասում ենք Ձեր նոր ստեղծագործութիւններին` համեմուած այսչափ գեղարուեստական եւ հասուն խօսքով»,-աւելցուց Հրանոյշ Յակոբեան:

«Այս գիրքը մեր նուիրեալ ուսուցիչների մասին է, ուսուցիչներ, ովքեր, մեծ մտաւորական լինելով հանդերձ, նաեւ մեր հոգու եւ մտքի ընկերներն էին. Մկրտիչ Մկրեան, Էդուարդ Աղայեան, Գէորգ Ջուլհակեան, Հրանդ Թամրազեան, Լեւոն Ներսիսեան, այս շարքը կարելի է երկար շարունակել: Եւ Պարոյր Աղպաշեանը, ուսանելով նրանց, գիտակցել է, որ այդ մեծերը ժամանակի շունչ ու ոգին էին, եւ այդ շունչը այսօր առկայ է նաեւ այս գրքում»,-ըսաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր, ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն  Արծրուն Աւագեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ հրապարակախօս, «Ազգ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրադեան, ԵՊՀ արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի դասախօս Երուանդ Տէր-Խաչատրեան եւ այլք:

Շնորհանդէսին աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ Պարոյր Աղպաշեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «1970 թուականէն ի վեր կառչած  մնացած եմ համալսարանին, յիշողութեանս մէջ որպէս հերոսներ ունենալով իմ դասախօսներս` հաւարատիմ  մնացած եմ  անոնց ձգած ժառանգութեան: Արդէն լրացած է Երեւանի պետական համալսարանի 95 ամեակը, եւ շուտով կը բոլորէ անոր գործունէութեան հարիւր տարին: Ես նպատակ ունէի այս գիրքով նաեւ ամփոփ ներկայացնել այդ ուղին` շեշտադրելով մանաւանդ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի առաքելութիւնն ու անոր երախտաւոր դասախօսներու դերը համալսարանական կեանքին մէջ: Եւ այդ իմաստով այս գիրքի հրատարակութիւնը երկար տարիներ երազանք էր ինծի համար»:

img_1699 2

4 5

Scroll Up