«Կ’ողջունեմ Ձեր Նախաձեռնութիւնը». Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան
Ապրիլ 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իսրայէլահայ գործարար, Հայ-իսրայէլական առեւտրի գրասենեակի փոխնախագահ, «Teamnet packing and international freight services» ընկերութեան ներմուծման եւ արտահանման հարցերով տնօրէն Սուրէն Շահնազարեանը, որ արձագանքելով ՀՀ սփիւռքի նախարարի նամակին` ցանկութիւն յայտնած է ներդրումներ կատարելու Հայաստանի` գիւղատնտեսութեան եւ արեւային ուժի արտադրութեան ոլորտներուն մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ողջունեց սփիւռքահայ գործարարը, կարեւոր համարեց անոր պատրաստակամութիւնը` ներդնելու իր հնարաւորութիւնները Հայաստանի մէջ` մասնակցելով Հայրենիքի զարգացման գործընթացքին: Նախարարը հետաքրքրուեցաւ Իսրայէլի հայ համայնքի վիճակով, խնդիրներով, ընդգծեց, որ ինքնութեան պահպանման, համահայկական հարցերու շուրջ համախմբուելու, միասնական ըլլալու համար անհրաժեշտ է ամրացնել կապը Հայրենիքի հետ, աւելի աշխոյժ մասնակցելով նախարարութեան ծրագիրներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կարծում եմ, որ ժամանակն է Սփիւռքը վերակազմակերպել մասնագիտօրէն, օգտագործել նրա հսկայական ներուժը: Ողջունում եմ Հայաստանում ձեր ներկայութիւնն ապահովելու, ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը»:
Սուրէն Շահնազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նախարարին ներկայացուց կազմակերպութեան, եկեղեցւոյ, համայնքի գործունէութիւնն ու խնդիրները, պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի սերտօրէն համագործակցելու նախարարութեան հետ, աշխուժօրէն մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն: