ՀՀ Սփիւռքի Եւ ՀՀ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարները Ստորագրեցին Համատեղ Հրաման

Ապրիլ 10-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ստորագրեցին համատեղ հրաման` Սփիւռքի կրթական խնդիրներու լուծմանն աջակցելու վերաբերեալ:

Ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներու կատարումը համակարգելու նպատակով պիտի գործէ համակարգող յանձնաժողով:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց.«Ի կատարումն ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարականի` մենք կազմեցինք եւ ստորագրեցինք Սփիւռքի կրթական խնդիրների լուծմանն աջակցութեան համատեղ միջոցառումների ծրագիրը հաստատելու եւ համակարգող յանձնաժողով ստեղծելու մասին այս համատեղ  հրամանը, որը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ առաւել արդիւնաւէտ համատեղ  ծրագրեր իրականացնել»:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր համարեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնութիւնը` նշելով. «Այս հրամանը ենթադրում է յստակ գործողութիւնների ծրագիր, եւ այսպիսի ձեւաչափով աւելի լաւ կը համակարգուեն աշխատանքները»:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին` համագործակցելու  պատրաստակամութեան համար եւ աւելցուց, որ 2017թ. սեպտեմբերին տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը, ուր պիտի քննարկուին նաեւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանութեան վերաբերող խնդիրներ: «Այստեղ եւս Սփիւռքի եւ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները կարող են աջակցել միմեանց` լաւագոյն մասնագէտներին հրաւիրելու, թեմաները ճշգրիտ ընտրելու եւ բազմաթիւ այլ հարցերում»,- նշեց Սփիւռքի նախարարը:

3

 

Scroll Up