Կը Մեկնարկէ 2017թ. «Արի Տուն» Ծրագիրը

Ապրիլ 10-ին, ժ.9:30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ  տեղի պիտի ունենայ 2017թ. Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):

 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կ’ողջունէ Մասնակիցները:

Այս փուլով Հայաստան կ’այցելեն 66 պատանի ու աղջիկ  Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ Արաբեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

Scroll Up