Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Յանձնաժողովի Նախագահ

Հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ին, պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէ ընթացիկ տարուան 6 մարտին նշանակուած տարբեր երկիրներու հետ Բարեկամական Յանձնաժողովներու անձնակազմերը:
Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ նշանակուեցաւ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը:
Նշենք, որ Սուրիա-Հայաստան Բարեկամական Յանձնաժողովը կը բաղկանայ 11 անդամներէ.
Նորա Արիսեան (նախագահ)
Օմար Արուպ (փոխնախագահ)
Մուհամմատ Զահեր ալ-Իուսուֆի
Մազէն Օմրան
Հասան Մսլեթ
Սամիր Հաժժար
Մուհամմատ Ժալալ Տարուիշ
Մուհամմատ Թալալ Աթեֆ Հուրի
Մուհամմատ Ազիզ ալ-Մլհեմ
Իմատ Նամմուր
Նուրա Հասան
Յանձնաժողովին պարտականութիւնն է Հայաստանի Խորհրդարանի եւ ժողովուրդին հետ ամրապնդել յարաբերութիւնները: Ինչպէս նաեւ ամրապնդել Հայաստանի մէջ սուրիացիներուն հետ յարաբերութիւնները:

Այս մասին կը յայտնէ Perio News.

Scroll Up