Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերուն Յիշատիկին Նուիրուած Արարողութիւն Պաթումի Մէջ

Ապրիլ 2-ին Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ՀԱԵ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի մատուցմամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած 2016թ. Ապրիլ 2-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ մարտիկներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Այնուհետեւ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, հայկական համայնքային կառոյցներուն եւ անհատներուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեդրման արարողութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղակայուած խաչքարին մօտ:

Ատրպէյճանական նախայարձակումը դատապարտող ելոյթներով հանդէս եկան Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան եւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը, մասնաւորապէս ընդգծեց, որ մէկ տարի առաջ ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակման ի պատասխան հայ մարտիկներն իրենց կեանքի գինով յետ մղեցին հակառակորդը` կանխելով Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ոճրագործութիւնները: Գլխաւոր հիւպատոսը նշեց, որ պատերազմի չորս օրերուն ընթացքին ցայտուն կերպով դրսեւորուեցաւ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու անկոտրում կամքը` վտանգի ժամանակ համախմբուելու եւ դիմագրաւելու զայն:

Եղիշէ Սարգսեան նաեւ ընդգծեց հայկական կողմի հետեւողական դիրքորոշումը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման :

 

 

 

 

Scroll Up