Տեղի Պիտի Ունենայ Գրիգոր Ջանշեանի §Եղբայրական Օգնութիւն Հայերին» Ժողովածուի Աւելի Քան Մէկ Դար Անց Վերահրատարակուած Տարբերակի Շնորհանդէսը
Նոյեմբեր 26-ին` ժ.15:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Գրիգոր Ջանշեանի §Եղբայրական օգնութիւն հայերին» ժողովածուի վերահրատարակուած տարբերակի շնորհանդէսը, որուն պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան (հասցէն`§Էրեբունի պլազա» բիզնես-կեդրոն, 9-րդ յարկ, §Էրեբունի» սրահ):
§Եղբայրական օգնութիւն հայերին» ժողովածուն առաջին անգամ լոյս տեսած է 1898-ին Մոսկուայի մէջ, որ ժամանակակիցները բնութագրած են որպէս §Գիրք-սիմֆոնիա», §Գիրք-հանրագիտարան», §Մատեան արեան եւ արցունքի»: Գիրքի ստեղծման բուն շարժառիթը 19-րդ դարավերջին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային կոտորածներն էին, որոնց հետեւանքով հազարաւոր հայ երեխաներ, կանայք եւ ծերեր յայտնուած էին սովի եւ մահուան ճիրաններուն մէջ:
Գիրքի վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը` 60.000 ռուբլի` Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպանատան միջոցով հեղինակը տրամադրած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանին` որբանոցներ բանալու համար, որուն արդիւնքով բացուած է 12 որբանոց, եւ Ջանշեանին տուած են §Որբերու հայր» պատուատիտղոսը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Գրիգոր Ջանշեանի §Եղբայրական օգնութիւն հայերին» ժողովածուն լուսապատճէնման տարբերակով ճշգրիտ վերականգնած եւ վերահրատարակած է §Հայագիտակ» հրատարակչութիւնը: