Կանանց Մէկամսեակը Միսլատայի Մէջ Մեկնարկեց Աննախադէպ Համերգով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/համերգ3-300x225.jpg)
«Արարատ» հայկական միութեան հերթական նախաձեռնութիւնը կը վերաբերէր Կանանց միջազգային օրուան` Մարտ 8-ին, որուն առիթով Միսլատայի երաժշտական կեդրոնի դահլիճին մէջ ներկայացուեցաւ աննխադէպ համերգային ծրագիր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն«Արարատ» հայկական միութենէն աշխարհահռչակ երաժշտահաններ եւ երգահաններ Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի, Ռեւուտսկի, Տեպիւսիի եւ այլոց հանրայայտ գլուխգործոցները աւելի քան 200 հոգինոց դահլիճին հրամցուցին վալենսաբնակ հայ եւ ուքրանացի տաղանդաւոր երաժիշտները` պարիտոն Էտկար Աբրամեանը, սոփրանօ Աննա Ասոյեանը, ջութակահարուհի Տաթեւիկ Խաչատրեանը, դաշնակահարներ Միկոլա Տորոշն ու Ալինա Սախնենկոն, ինչպէս նաեւ հրաւիրուածներ Ալեքսէյ եւ Սուետլանա Քրիսանովները:
Համերգին իրենց համագործակցութիւնը ցուցաբերեցին Միսլատայի մշակութային շարժում (MAM) միութեան անդամները, որոնք ասմունքեցին իրենց իսկ ստեղծագործութիւնները: Ողջ համերգը նուիրուած էր կնոջ, գարնան, սիրոյն եւ կեանքի զարթօնքին:
Հայազգի տաղանդաւոր երգիչներ Աննա Ասոյեանն ու Էտկար Աբրամեանը կը յաճախեն Վալենսիոյ երաժշտանոցը: Բացի վոկալէն, Աննա Ասոյեան նաեւ դաշնակահար է, եւ համերգին հանդիսատեսին ներկայացուց Արամ Խաչատրեանի «Անդանտինօ» ստեղծագործութիւնը:
Ներկաները մեծագոյն հաճոյքով կը լսէին Էտկար Աբրամեանի բարձրակարգ կատարումները, որոնք կ’ուղեկցուէին ոգեւորիչ ծափողջոյններով:
Իսկ ահա Վալենսիոյ Արուեստի պալատի ջութակահարոհի Տաթեւիկ Խաչատրեանի ներկայացուցած մեղմահունչ մեղեդիները յուզմունք եւ կարօտ փոխանցեցին բոլորին: Եւ այս ամէնը ուքրանացի տաղանդաւոր դաշնակահարներ Միքոլա Տորոշի եւ Ալինա Սախնենկոյի հիանալի կատարումներու ուղեկցութեամբ: Անոնք իրենց աննկարագրելի, բարձրակարգ ելոյթներով պարզապէս գերեցին հանդիսատեսը:
Ընթացիկ տարուան արդէն երկրորդ նմանատիպ համերգը կարծես թէ աստիճանաբար կը վերածուէր լաւագոյն աւանդոյթի հայաշատ Միսլատայի եւ Վալենսիոյ մէջ, խոստանալով վառ ապագայ եւ աշխարհագրութեան ընդլայնում: