Լ.Ղ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց Հ. Բ. Ը. Միութեան Աթէնքի Յանձնաժողովի կեդրոնի գրասենեակ եւ «Ա. Գալփաքեան» վարժարան

Երկուշաբթի, Մարտ 13-ին, Լ.Ղ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Կարէն Միրզոյեանը այցելեց Հ. Բ. Ը. Միութեան Աթէնքի Յանձնաժողովի կեդրոնի գրասենեակը եւ «Ա. Գալփաքեան» վարժարանը, ուր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդր. Յանձնաժողովէն, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեան եւ Գանձապահ՝ Պրն. Սեդրակ Ապասեան հանդիպումի ընթացքին հետաքրքիր եւ կառուցողական զրոյց մը տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ գաղափարներու փոխանակում Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող տարբեր հարցերու շուրջ:

Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ յաջողութեան մաղթանքներով եւ ապագայ շինիչ համագործակցութեան ցանկութեամբ:

%d5%a1%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d6%843%d5%a1%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d6%842 %d5%a1%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d6%844%d5%a1%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d6%84 %d5%a1%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d6%845

 

Scroll Up