Աշնանային Վաճառք Նոր Ջուղայի ՄԷջ` Ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան
Կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Երէցներու միաւորին, ուրբաթ` Նոյեմբեր 11-ին, սկսեալ ժամը` 11:00-է, միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ հերթական անգամ տեղի ունեցաւ աշնանային վաճառք, ուր վաճառքի հանուած էր աշնանային միրգերէ ու բանջարեղէններէ պատրաստուած եւ գեղեցիկ փաթեթաւորած թխուածքեղէն, թթուեղէն, մրգանուշ, ճթնի եւ այլ պահածոներ, որոնց բազմազանութիւնը կը վկայէր միութեան Երէցներու միաւորի վարչութեան ու ամբողջ անձնակազմի շաբաթներու եւ ամիսներու համատեղ ու արդիւնաւէտ ջանքերուն մասին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեանի:
Վաճառքին մասնակցած էին նաեւ Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութիւնը, որն ի զօրակցութիւն արցախահայութեան, վաճառքի հանած էր Արցախէն բերուած մեղր, չիրեղէն, սուճուխ, մրգանուշներու տեսականի եւ թութի օշարակ, ինչպէս նաեւ` Փերիոյ կրթասիրաց եւ Հայ ուսումնասիրաց Չհարմահալ միութիւնները` միութեան անդամներուն միջոցով պատրաստուած պահածոներու ու թխուածքներու վաճառքով:
Ձեռնարկը առիթ էր նաեւ անհատական արտադրանքներու վաճառքի համար, որուն արձագանքած էին Նոր Ջուղայէն եւ Շահինշահրէն անհատներ:
Նշելի է, որ աշնանային գեղեցիկ յարդարանքով ստեղծուած աշխոյժ մթնոլորտը ընդունեց բազմահարիւր այցելուներ, որոնք վայելեցին նաեւ մատուցուած աւանդական ճաշեր, այլ ուտեստներ եւ մասնակցեցան կազմակերպուած խաղերուն:
Լուսանկարները` հեղինակի