«Կ’ուզեմ` Երեխաներս Հոգիի Պոռթկումով Հայրենասէր Ըլլան». Հայրենադարձ Ընտանիք

Ղազախստան բնակող գործարար Վահան Աւետիսեան եօթ երեխաներուն եւ ազգութեամբ ռուս կնոջ հայրենադարձումը իր կեանքին մէջ կայացուցած կարեւոր որոշումներէն կը  համարէ: Երկար տարիներ ապրելով օտար միջավայրի մէջ` միշտ մտահոգ  եղած է երեխաներու ինքնութեան պահպանման խնդրով եւ ուղիներ որոնած անոնց Հայաստան տեղափոխելու` այդպիսով պայքարելով ուծացման վտանգին դէմ:

Վահան Աւետիսեան «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութիւն հիւրընկալուած էր աւագ դուստր` տասնհինգ տարեկան Նայիրայի հետ, որ զրոյցին ընթացքին հիացուց հայրենասիրական անկեղծ կեցուածքով ու հաւասարակշռուած, խելացի մտքերով:

Պարո՛ն Աւետիսեան, փոքր-ինչ «ակունքներ» երթանք: Ե՞րբ  հաստատուած էք Ղազախստան եւ ինչը՞ շարժառիթ դարձաւ, որ Հայաստան բերող ճանապարհը բռնէք:

-1987 թուականին Երեւանէն երթալով Ղազախստան` տարբեր աշխատանքներ  կատարած եմ. համայնքային կեանքին մէջ  ներգրաւուած, ճանապարհաշինութեամբ  զբաղուած: Իսկ հիմա Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ քաքաօ աճեցնելով կը զբաղիմ:

Կինս` Եքաթերինան, ազգութեամբ ռուս է, բայց  հոգիով հայ կը զգայ: Եօթ երեխայ ունինք` 5 աղջիկ, 2 տղայ: Չնայած մայրական կողմէն հրէական ծագումիս` ինքզինքս լիարժէք հայ կը համարեմ եւ երեխաներս ալ կ’ուզեմ իբրեւ հայ մեծցնել:

Ցանկալով երեխաներուս եւ կնոջս ծանօթացնել հայկական աւանդոյթներուն, տեսարժան վայրերուն` անոնց 2016 թուականին Հայաստան բերի: Կարճ ժամանակով  եկած էինք, որ ճակատագրական դարձաւ մեզի համար. երեխաներս այնքա՜ն սիրեցին իրենց Հայրենիքը, որ վճռականօրէն որոշեցին այստեղ մնալ: Անոնք, բացի մեծ աղջիկէս, ցաւօք, հայերէն չեն խօսիր, որ ինծի համար մտահոգիչ է: Ամէն կերպ հետամուտ եմ, որ սորվին Մայրենին: Այս դրութեամբ` ռուսական թեքումով դպրոց  կ’երթան, մինչեւ հայերէն գրել-կարդալուն վարժ  տիրապետեն:

Մեծ աղջիկս` Նայիրան, սորվելու մեծ ունակութիւններուն շնորհիւ` մէկ տարուան ընթացքին սկսաւ հայերէն խօսիլ: Նայիրան նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ ղազախերէն լեզուներուն կը տիրապետէ, եւ ուրախ եմ, որ ատոնց շարքին հայոց լեզուն սերտեց: Ան հիմա Բժշկական ուսումնարան կը յաճախէ:

Տեղափոխուելէ յետոյ` մտադրուած ենք ՀՀ քաղաքացի դառնալ, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանինք: Ես կ’ուզեմ, որ երեխաներս հոգիի պոռթկումով հայրենասիրութեամբ տոգորուին:

11

Նայիրա՛, մինչեւ հայրենադարձուիլը` Ղազախստանի մէջ կրցա՞ծ ես շուրջդ հայկական միջավայր ստեղծել:

-Հայաստան միշտ իմ Հայրենիքս  համարած եմ: Դպրոց յաճախելու տարիներուս` միջազգային յարաբերութիւններուն նուիրուած ձեռնարկներու ժամանակ հպարտօրէն խօսած եմ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի մասին:

Այդ է պատճառը, որ հոգիիս կանչին հետեւելով` որոշեցի մնալ Հայաստան. Կ’ուզեմ ամբողջ կեանքս այստեղ ապրիլ:

Այս հարցով մեծ նշանակութիւն ունի հօրս աջակցութիւնը: Ան մեզի դեռ փոքր հասակէս կը պատմէր հայերու` բարի, հիւրասէր ու տաղանդաւոր մարդիկ ըլլալու մասին:

Գալէ յետոյ յոյսերս, իրօք, արդարացան. Հայաստան ինծի համար աշխարհի ամենալաւ երկիրը դարձաւ, ամէն ինչ հոգեհարազատ է: Առաջինը տպաւորուեցայ հայկական լեռնաշխարհի բնութեամբ, ապա սկսայ Հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրել, քանի որ կարեւոր էր իմանալ հայ ժողովուրդի անցեալը: Տարբեր գիրքեր կարդացած եմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ խոր ցաւ ապրած:

Վարժ ու գեղեցիկ հայերէնով կը խօսիս: Միթէ՞ սորվելու ընթացքը այդքան հեշտ  եղած է :

-Հայաստանի հանդէպ իմ սէրս էր, որ շատ հեշտութեամբ կրցայ սորվիլ հայերէնը: Սորվելու ամբողջ ընթացքին զգացողութիւններս անբացատրելի  եղած են, հոգեհարազատ դարձած բառեր ալ ունիմ` Հայրենիք, հայ:

Հիմա արդէն կ’օգնեմ քոյրերուս ու եղբայրներուս, որ դասերը պատրաստեն: Մայրիկս նոյնպէս կը ցանկայ հիմնովին հայերէն սորվիլ. ազատ ժամանակ ունենալու պարագային` ռուսերէն թարգմանութեամբ հայկական պատմավէպեր կը կարդայ: Ան նաեւ հայկական խոհանոցին հրաշալի ծանօթ ըլլալով` թուփով տոլմա, գաթա եւ այլ ուտեստներ կը պատրաստէ մեզի համար:

1512

Նայիրա՛, արդէն յարմարա՞ծ ես հայաստանեան կեանքին: Ինչպէ՞ս յաղթահարեցիր հոգեբանական այդ անցումը:

-Դժուարութիւններու չեմ հանդիպած, քանի որ դասարանին մէջ արտերկրէ եկած այլ աշակերտներ ալ կային, իսկ ուսուցիչներուս ու դասընկերներուս կողմէ մարդկային անկեղծ վերաբերմունքի արժանացայ:

Ուսանողական կեանքն ալ լաւ կ’անցնի, հասակակիցներուս հետ ջերմ յարաբերութիւններ ունիմ: Զրոյցներուն ընթացքին անոնք կը հետաքրքրուին, թէ Ղազախստանի մէջ ինչ առօրեայ  ունեցած եմ եւ ինչպէս կրցած եմ Հայաստանէն հեռու գտնուելով` պահպանել հայու  տեսակը:

Որոշած եմ երկու քոյրերուս հետ այս տարի մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին`վստահ ըլլալով, որ պիտի կարենամ նոր ընկերներ ձեռք բերել եւ նորովի բացայայտել Հայաստանը:

Ծրագիրին մասին մանրամասն պատկերացում կազմելու համար` նախապէս համացանցի միջոցով ուսումնասիրած եմ բոլոր պայմանները: Մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեմ Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով շրջելուս:

Նայիրա՛, հանրօգուտ կարեւոր նախաձեռնութեամբ  հանդէս կու գաս` իրականացնելով «Մաքուր Հայաստան` հայրենադարձներու նախաձեռնութեա՛մբ  արշաւը: Մանրամասն կը պատմե՛ս, խնդրեմ, շարժման նշանակութեան մասին:

-Երբ Երեւանի փողոցներով քալելուս աղբակոյտեր կը տեսնէի, սիրտս կը նեղուէր: Այդ ժամանակ կը մտածէի, որ մենք պարտաւոր ենք մաքուր պահել այն հողը, որ քաջաբար կը պաշտպանեն մեր հերոս զինուորները: Ուստի որոշեցի իմ ներդրումս ունենալ այս ուղղութեամբ` սկիզբ դնելով «Մաքուր Հայաստան` հայրենադարձներու նախաձեռնութեամբ» արշաւին:

Առ այժմ քոյրերուս ու եղբայրներուս հետ կ’իրականացնեմ այս նախաձեռնութիւնը: Սկիզբը կ’ընտրենք այն վայրը, որ պէտք է մաքրենք կեղտէն, յետոյ միայն կը սկսինք մաքրման աշխատանքները: Յուսամ` ժամանակի ընթացքին շարժումը լայն տարածում կը գտնէ մարդոց մօտ, մասնակիցներու թիւը  կ’աւելնայ, որուն արդիւնքով կը կարենանք աւելի շատ տարածք մաքրել: Այդ նպատակով «Вконта́кте» եւ «Facebook» ընկերային ցանցերով արշաւին նուիրուած էջեր  բացած եմ:

131416

Երբե՞ք մտածած ես, թէ բժիշկի մասնագիտութեամբ որքանո՞վ կրնաս նպաստել Հայաստանի զարգացման:

-Առաջին հերթին կ’ուզեմ մարդոց օգտակար ըլլալ: Սակայն ընտրութեան հարցով հաշուի առած եմ այն կարեւոր պայմանը, որ մասնագիտական բարձր որակներ ունենալէ յետոյ Հայոց բանակ, մասնաւորապէս` սահմանային գօտի աշխատելու կրնամ երթալ` մեր զինուորներուն կողքին գտնուելու եւ անոնց անհրաժեշտութեան պարագային բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Նայիրա՛, զրոյցն աւարտենք քեզ պէս լուսաւոր ու լաւատեսական «Նոթայով». ո՞րն է քու երազանքներու Հայաստանը:

-Ես կ’ուզեմ իսկապէս անկախ Հայաստան տեսնել, կ’ուզեմ, որ հայերը բարեկեցիկ ապրին ու յոյսը միայն իրենց ուժերուն վրայ դնեն: Հայաստանի նոր սերունդը պէտք է նոր ու հզօր Հայրենիք կերտէ եւ հպարտանայ, որ հայ է:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up