Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրամանով ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Բաբախանեան պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի դեսպան» մետալով, որ անոր Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ, Պ. Զիւսկինդիի «Կոնտրաբաս»  բեմադրութեան ներկայացումէն ետք  յանձնեց նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան:

Յովհաննէս Բաբախանեան շատ կանուխէն  սկսած է իր ստեղծագործական գործունէութիւնը` արդէն տասնհինգ տարեկան հասակին աւարտելով դպրոցն ու ընդունուելով Երեւանի Թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտիւտի դերասանական բաժին` ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆէսոր Հրաչեայ Աշուղեանի արուեստանոց: 1988-ին, համալսարանը աւարտելէ ետք, աշխատանքի անցած է Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ, որն ալ դարձաւ անոր ստեղծագործական որոնումներու եւ հաստատումներու, ինքնատիպ դերասանական նկարագիրի բացայայտման հրաշալի հանգրուանը: Յովհաննէս Բաբախանեան իր առաջին իսկ դերակատարումներով արդէն հաստատեց, որ թատրոն եկած է  դերասան մը, որու տեսակը, գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները իրապէս նոր են եւ թարմ: Առիթով մը Սօս Սարգսեան ըսած է, որ այժմ մեր թատրոնին մէջ կ’աշխատին շատ աւելի տաղանդաւոր եւ շատ աւելի բացառիկ երիտասարդներ: Ըսուածը կը վերաբերէր նաեւ Յովհաննէս Բաբախանեանին, քանզի դերասանը թատրոն  կը բերէր հիմնականին մէջ խաղային շեշտուած արտայայտութիւն, բարձր ցուցադրում, արտայայտչական հարուստ համակարգ` միաւորուած արտակարգ երաժշտականութեամբ: Դրամատիկականի բեմին վրայ ստեղծուած Թաւջութակահարի («Աւտոբուս»), Մերկուցիոյի («Ռոմէօ եւ Ջուլիեթ»), Պետրոսի («Յիսուս Նազովրեցին եւ նրա երկրորդ աշակերտը»), Բեմադրիչի («Կինը եւ տղամարդը»), Մակդուֆի («Մակբէթ») եւ այլ կերպարներ հաստատեցին, որ Բաբախանեան կը մղուի դէպի վառ արտայայտուած խեղկատակ, բնութագրի ցայտուն ընդգծումներ, շեշտուած կերպարայնութիւն: Անոր Բեմադրիչը Նորայր Ադալեանի «Կինը եւ տղամարդը»  բեմադրութեան մէջ դերասանական ուշագրաւ յայտնութիւն էր,  այնպիսի աշխատանք մը, որ կը հաստատէր նոր դերասանական որակներ, խեղկատակը` իբրեւ արտայայտչականութիւն ու ձեւ, կը դարձնէր խաղարկման հիմնառանցքը: Ազգային բեմական շէքսպիրապատումի իրենց մնայուն տեղն արդէն ունին Մերկուցիոն եւ Մակդուֆը, որոնցմէ վերջինը յատկապէս այս կերպարի լաւագոյն մարմնաւորումներէն մէկն է մեր թատրոնին մէջ:

Բացի թատրոնի մէջ ստեղծած իր դեր-կերպարներէն, Յովհաննէս Բաբախանեան  շարք մը արտայայտիչ ու ամբողջական կերպարներ  ստեղծած է նաեւ գեղարուեստական շարժանկարներու եւ սերիալներու մէջ, նկարահանուած «Մոռանալ Հերոստրատին» շարժանկարին մէջ` խաղալով Հերոստրատի դերը: Ստանալով երաժշտական կրթութիւն` աւարտելով Երեւանի պետական երաժշտանոցը, Յովհաննէս Բաբախանեան կը զբաղի նաեւ երգչական գործունէութեամբ` կատարելով հիմնականին մէջ ժամանակակից վիպերգներ, ճազային մշակումներ:

Յովհաննէս Բաբախանեան 2002 թուականին արժանացած է Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան մրցանակին, իսկ 2004 թուականին «Կոնտրաբաս» թատերգութեան մէջ իր դերակատարման համար դարձած է «Արմմոնօ» միջազգային թատերական փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր: 2007 թուականին արժանացած է ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման:

Արդէն մի քանի տարի է` Յովհաննէս Բաբախանեան կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այստեղ ալ ան ծաւալած է աշխուժ թատերական գործունէութիւն` ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Լեւոն Շարաֆեանի հետ հիմնադրելով առաջին խաղացանկային արհեստավարժ թատրոնը:

Դերասանի երեւանեան այցը նուիրուած էր ծննդեան 45 եւ բեմական գործունէութեան 30-ամեակներուն, որու առթիւ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան շնորհաւորեց անոր եւ յանձնեց ՀԹԳՄ «Ոսկէ մետալը»: Դերասանին ողջունեց նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ Սէյրանուհի Գեղամեան` յանձնելով Գրիգոր Նարեկացի յուշամետալը:

Լ. Մութաֆեան

Scroll Up