Մարիանան՝ Յոյսի Սոխակս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/mariana.jpg)
ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ
Հալէպի նեղ ու արհեստանոցներով լեցուն թաղամասերէն մէկուն մէջ կը գտնուէր մեր առժամեայ տունը: Միթէ տունը տիտղոս պէ՞տք էր ունենար: Օրական դրութեամբ կը փոխուէր տան տիտղոսը մէկ վերնագրի տակ՝ «առժամեայ բնակարան»: Կոկուելու անյարմար այս բնակարանը իր մէջ ընդգրկած էր մեզ՝ չորս տեղահաններս, ճամպրուկի մէջ տեղադրուած մեր լաթերն ու պատերազմի տեղահանութենէն ընկճուած մեր ներաշխարհը: «Առժամեայ բնակարան»ը երկու տարուան ընթացքին դառն կեանք մը պարունակեց: Ան անփոփոխ իրողութիւն էր․ թերեւս ե՛ս կը փոխուէի: Նոյն փոքրիկ տնակն էր, իր «լուցկիի տուփ» սենեակներով:
Երկու տարին անցաւ եւ արդէն տնակը գոյ չէր կեանքէս ներս այլեւս: Փոխադրուած էինք ուրիշ բնակարան մը, տարբեր տիտղոս կրող, նոյն վերնագրով՝ «առժամեայ»: Պահն էր մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կեանքը կը շարունակուէր այդ լուցկիի տուփին մէջ: Գաղտնիքը մեր ուժին մէջ չէր, այլ՝ փոքրիկ աղջնակի մը: Իր «թոնթոն» եւ կարմրուկ այտերով Մարիանան՝ հիմնական պատճառը հանդիսացած էր մեր յոյսին գոյատեւման: Ո՞վ էր Մարիանան: Քանի՞ տարեկան էր ան: Ինչպիսի՞ պայմաններոու մէջ կ’ապրէր:
Մարիանան հազիւ երկու տարեկան աղջնակ մըն էր: Իր «թոմպուլիկ յետոյքը մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ տանելով, դէպի պատուհան կը բարձրանար: Անխօս իր լեզուով միայն կը ճչար մեր դիմացի շէնքէն: Ան չէր կարողանար գիտակցիլ, թէ ինչո՞ւ կը պոռար: Մանկական իր ճիչը բաւարար էր յիշեցնելու, թէ լուցկիի տուփէն դուրս կեանքը կը շարունակուէր: Մտածումներովս սահմանուած բնակարանը ետեւ կը մնար մանկական այդ անհոգ պատկերին դիմաց, մինչ կ’ունկնդրէի սոխակի նման յոյս ներշնչող այդ ճիչը Մարիանայի փոքրիկ շրթներէն:
Կեանքի զանազան դժուարութիւններուն դիմաց կանչուած ենք որոնելու ձայն մը, որ մեզ դէպի կեանք կը կանչէ: