ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Մարտ 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետը հանգամանօրէն ներկայացուց մայրերու օրուան նուիրուած շաբթուան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկները` «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը, սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու «Մայր իմ անուշ» խորագիրով համերգը:
Շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու վերաբերեալ զեկուցեցին նաեւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Կարեւոր համարուեցաւ «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման Սփիւռքի մասնակցութեան աշխուժացումը եւ յայտնի սփիւռքահայերու արձագանքները, մասնաւորապէս Շառլ Ազնաւուրի գնահատականը:
Շաբթուան գլխաւոր թեմա ընտրուեցաւ գիրքերու շնորհանդէսները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան ծրագիրներու մասին ֆիլմի եւ թերթօններու պատրաստման:
Նախարարը ներկայացուց ՀՀ Նախագահի Պատուիրակութեան կազմին մէջ Ֆրանսա կատարած գործուղման, ֆրանսական հանդիպումներու արդիւնքները:
Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: