Քանատայի Կառավարութեան Երեւանի ՄԷջ Դեսպանութիւն Հիմնելու Առաջարկ Եղած Է

Քանատայի կառավարութեան կոչ եղած է Երեւանի մէջ հիմնել Քանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն: Յայտարարութիւնը ընդունուած է Օթթաուայի մէջ Մարտ 8-ին տեղի ունեցած Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հերթական նիստին ընթացքին:

Բարեկամութեան խումբի համանախագահ Արնոլտ Չանի գլխաւորութեամբ կայացած նիստին ներկայ եղած են նաեւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը:

Նիստին ընթացքին քննարկուած են հայ-քանատական յարաբերութիւններուն առնչուող  շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն, երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող այլ թեմաներու:

Քանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեան, Քանատայի Հայ ազգային կոմիտէի նախագահ Շահէն Միրաքեան հնարաւորութիւն  ունեցած են քանատական կողմին ներկայացնել իրենց յուզող հարցերն ու խնդիրները, որոնք վերաբերած են նաեւ Քանատայի հայ համայնքին:

Հայ-քանատական բարեկամութեան խումբը վերահաստատած է երկու երկրի միջեւ կապերու յետագայ խորացման կարեւորութիւնը եւ քննարկած տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած են երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման:

 

 

Scroll Up