Ոսկեձեռիկ Սուրիահայերու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս- Տօնավաճառը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Սուրիահայերու խնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ- ն Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած` ԵՊՀ-ի բանասիրական բաժանմունքի նախասրահին մէջ կազմակերպած են «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Մարտ 6-ին: Ցուցահանդէսին մասնակցող շնորհաշատ սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքները, կերակրատեսակները, համեմունքները տեղացիներուս համար դարձած են շատ սիրուած ու ցանկալի: Որքան ալ այդ ամէնը տարիներուն ընթացքին մեզի համար արդէն սովորական  դարձած է, այնուամենայնիւ, սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ձեռքի շնորհքը միշտ ալ կը հիացնէ ու կը զարմացնէ մեզ: Արդէն որերորդ ցուցահանդէսն է, որուն առիթով կը հանդիպիմ մեր հայրենակիցներուն եւ, իսկապէս, կը վայելեմ սուրիահայ մշակոյթի շունչը, որ սիրով կը կիսեմ «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներուն հետ:

Նազարէթ Արոյեան– Գոհ ենք, փա՛ռք Աստուծոյ. առաջին օրն աւելի շատ գնորդներ ունէինք: Այստեղ հիմնականին մէջ ուսանողները  առեւտուր կ’ընեն, աւելի շատ` աղջիկները: Մատանիներուն  աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձնեն, ապարանջաններուն: Քանի որ Երեւանի պետական համալսարանի ներսը  կազմակերպուած է, շատ մարդիկ չեն գիտեր, լաւ կ’ըլլար, որ զանգուածային լրատուամիջոցները շատ տարածէին այս ցուցահանդէսին լուրը:

Զոհրապ Տէրտէրեան– Ես Հալէպի մէջ զբօսաշրջային գործով  զբաղուած էի, իսկ Հայաստանի մէջ գործս սա՛ է. իմ սեղանէս աւելի շատ Տէր ողորմեաներ կը գնեն, բնականաբար, տղաները աւելի շատ կը մօտենան: Մենք ալ` մէկս միւսէն ապրանք կը գնենք, հիմնական` ուտելիք: Փառք տանք Աստուծոյ: Բաներ կան, որ ես իմ ձեռքովս պատրաստած եմ, որոշ բաներ ալ Հալէպէն  բերած եմ:

Ռաֆֆի եւ Եոլանտ Ռշտունիներ– Աղջիկները աւելի շատ առեւտուր կ’ընեն. տղաներուն համար լաւ նուէրներ կը գնեն: Կ’երեւի, որ տղաներուն շատ կը սիրեն եւ սրտանց կը նուիրեն: Մենք 30 ցուցահանդէսի  մասնակցած ենք, իսկ այստեղ` համալսարանէն ներս, թիւով 3-րդ ցուցահանդէսին կը մասնակցինք:

Վանի Արաբեան– Այս սեղանին վրայ ցուցադրուած բոլոր ուտեստները` աղի, քաղցր, ես իմ ձեռքովս  պատրաստած եմ: Գաղտնիք չէ, որ բոլոր սուրիահայերը ձեռքի շնորհք ունին. Ատիկա կու գայ Արեւմտեան Հայաստանէն, մեր արմատներէն: Ուսանողներն ամէնէն շատ կը հաւնին աղի, սուրիական համեմունքներով պատրաստուած կարկանդակները, քադայեֆ  շատ կը գնեն: Ցուցահանդէսին մասնակցող սուրիահայերը եւս գնումներ կ’ընեն, երբ քաղցած կ’ըլլան: Մերոնց քիմքին այս ամէնը հաճելի ու ծանօթ է, ուստի սիրով  կ’օգտուին: Այսօր աւելի լաւ կ’ընթանայ առեւտուրս, փա՛ռք Աստուծոյ:

Նուպար եւ Էմանուէլ Տոլմաճեաններ– Մեր սեղանէն աւելի շատ կը սպառին աղի կարկանդակները. ուսանողներուն մեծ մասը ատոնցմէ կը գնէ: Այսօր ասիկա՛ է մեր ունեցած աշխատանքը: Ես Հալէպի մէջ դպրոցի տնօրէն էի, անգլերէնի մասնագէտ, նախակրթարանի մէջ կը  դասաւանդէի, կինս` Նուպարը, տան գործերով  զբաղուած էր: Մէկուկէս տարի է, որ Հայաստան եկած ենք: Երկու տղայ ունինք, երկուքն ալ համակարգչային գրաֆիկայի ձեւաւորողներ են: Փոքր տղաս 6 տարի է, որ Հայաստան եկած է, եկած էր ձայնը մշակելու, «Ժողովրդկան երգիչ» ծրագիրին մասնակցեցաւ: Մեծ տղաս ամուսնացած է, թոռնիկ ունինք, անունը Բալիկ  դրած ենք եւ մեր արտադրանքը անոր անունով  կոչած ենք:

Վանիա Քատեհչեան– Իմ սեղանիս դրուած արտադրանքը իմ ձեռքովս  պատրաստած եմ: Ձեռքի շնորհքը միշտ ալ հարկաւոր է. եթէ մարդը, ինչ-ինչ հանգամանքներու պատճառով իր մասնագիտութեամբ չկարենայ աշխատիլ, ապա ձեռքի շնորհքով կրնայ ապրիլ:

Զարմինէ Թոքաթլեան-Մինասեան– Դուք արդէն  անգամ մը մեզի հետ զրուցած էք. ըսեմ, որ մեր գործը Աստուծոյ կամքով առաջ կ’երթայ: Այս ուտեստները մենք ամուսնուս հետ կը պատրաստենք: Գիտէք, որ Հալէպի հաւի ճաշատեսակներու խանութ ունինք, այսինքն` տարածք  վերցուցած ենք եւ առեւտուր կ’ընենք, մեզի արդէն կը ճանչնան: Կը մասնակցինք նաեւ ցուցահանդէսներու: Փա՛ռք Աստուծոյ:

Անի Շամլեան– Իմ եւ քրոջս` Լենային հետ, Դուք շատոնց հարցազրոյց  ունեցած էք, տեսած էք մեր ձեռքի աշխատանքները. այսօր ես քաղցր ուտեստներ կը ներկայացնեմ, որոնք ինքս  պատրաստած եմ, շատ մատչելի են գիները: Ուսանողները սիրով կ’օգտուին:

Այտա Սանթուրեան-Այս ձեռքի աշխատանքներն ամիսներ շարունակ պատրաստած եմ, շատ ժամանակ կը խլէ: Աւելի շատ կը վաճառուին պզտիկ պայուսակները: Ես երեք տարի է, որ Հայաստան եկած եմ, երեք տարի շարունակ բազմաթիւ ցուցահանդէսներու  մասնակցած եմ: Ցուցահանդէսներուն ընթացքին շատ մարդոց հետ  ծանօթացած եմ, որոնք դարձած են իմ մշտական յաճախորդներս եւ պատուէրներ  կու տան:

Լենա Ճենանեան– Այս ասեղնագործ աշխատանքները շատ ջանք ու եռանդ  կը պահանջեն, որովհետեւ ատոնք կարծես մանրանկարներ ըլլան, աչքի լոյս կը տանին, ուստի ատոնց գիներն ալ թանկ են: Ես  շատ լաւ կը զգամ Հայաստանի մէջ, եթէ անգամ 100 տոկոսանոց յարատեւ խաղաղութիւն ըլլայ Սուրիա, մենք ետ չենք երթար: Ամուսինս ալ կ’աշխատի, ան լազերային աշխատանքով կը զբաղուի: Երկու երեխաներս կը յաճախեն թիւ 71 դպրոցը, մէկն ալ մէկուկէս տարեկան է:

Նազան Մանուկեան-Երկու տարի է, որ տեղափոխուած եմ Սուրիայէն: Երրորդ ցուցահանդէսին կը մասնակցիմ: Այնքան ալ աշխոյժ չէ իմ առեւտուրս: Աւելի շատ համուս, հալուա եւ համեմունքներ կը գնեն: Յոյս ունինք, որ օրուան երկրորդ հատուածին առեւտուրը կ’աշխուժանայ:

Հուրի Իջեան– Առաջին անգամ կը մասնակցիմ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին: Ասոնք իմ ձեռքի աշխատանքներս են: Իմ տատիկներս, ծնողս նոյնպէս զբաղուած են ասեղնագործութեամբ: Մերոնք Այնթապէն են. ես սորված եմ Այնթապի, Ուրֆայի, Վանի, Սվազի ասեղնագործութիւնը եւ այդ աշխատանքները  բերած եմ ցուցահանդէսին:

Իմ հարցազրոյցներուս վերջին հերոսուհին Նայիրի Մկրտիչեանն է, որ շատ տարիներ առաջ` մինչեւ սուրիական պատերազմի սկսիլը Գամըշլիէն տեղափոխուած է Հայրենիք եւ այսօր կ’աշխատի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Ան ցուցահանդէս եկած էր` գնումներ կատարելու: Այդ առիթով ալ զրուցեցի Նայիրիի հետ:

Նայիրի՛, այս բոլոր աշխատանքները, անշուշտ, հոգեհարազատ են քեզի: Ծանօթ ուտեստներէն ո՞ր մէկը կը գերադասես ամէնէն շատ եւ ի՞նչ կը պատրաստուիս գնելու:

-Մանթի կ’ուզեմ գնել, աղջիկս շատ կը սիրէ այդ ուտեստը: Այնքա՜ն համեղ է, որ ամբողջը սպառուած է, ու ես կը սպասեմ `մինչեւ տիկին Զարմինէի ամուսինը ինծի հանար ալ բերէ:

Դուն կրնա՞ս մանթի պատրաստել :

-Ո՜չ, ատիկա ուլունք սարքելու պէս  բան մըն է, որ հալէպցիները կը պատրաստեն:

Իսկ Գամըշլիի մէջ  յայտնի ի՞նչ ուտեստ կը յիշես, որ նաեւ կրնաս դուն պատրաստել:

-Սմբուկով քեպապը, որ պատրաստելը տանջանք է. Գամըշլիի սմբուկը ուրիշ է, այն կորիզներ, սերմնահատիկներ չունի, շատ համեղ է: Առհասարակ, սուրիահայերու բոլոր ուտեստներն ու քաղցրաւենիքը, թխուածքները իւրօրինակ համուհոտ ունին. ատիկա Արեւմտեան Հայաստանի հայուհիներէն ժառանգած ամենամեծ հարստութիւնն է:

 Ցուցահանդէս-վաճառքի բոլոր մասնակիցներուն հրաժեշտ կու տամ` բարի օր ու ճոխ առեւտուր մաղթելով, ցանկալով, որ մեր սուրիահայ մշակոյթը, սուրիահայերու` ըսես անձեռակերտ աշխատանքները տեղ գտնեն նաեւ միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ:

Կարինէ Աւագեան

%d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd1%d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd2 %d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd3%d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd4 %d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd5 %d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd6

Scroll Up