Հալէպեան Շունչը` Երեւանի Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տէառնընդառաջ տօնին առթիւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախասրահին մէջ մեկնարկած` «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը երեւանեան եւ հալէպեան մշակոյթներու, գոյներու ու տրամադրութեան գեղեցիկ ու հետաքրքիր միացում էր: Սկսած համեղ քաղցրաւենիքներէն ու համեմունքներէն մինչեւ արծաթեայ ձեռագործ զարդեր ու սպասք, օծանելիքներ, խնամքի պարագաներ, ասեղնագործութեան նրբագոյն նմուշներ, ապակէ իրեր եւ այլն:

ցուցահանդես2 ցուցահանդես9

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` դեռ իր փոքրիկ սեղանիկը չպատրաստած` ցուցահանդէս-տօնավաճառի առաջին վաճառքը, այսպէս կոչուած բացումը կատարեց սուրիահայ Մաիտա Սթամպուլցեան-Տէմիրճեան: Անոր պատրաստած ապակէ մոմակալը գրաւեց յաճախորդ-դասախօսը հէնց առաջին հայեացքէն: «Իմ պատրաստածները  ամբողջը` ապակէ բաժակներ, մոմակալներ, ամէն տեսակի ձեռքի աշխատանք: Մարդիկ կու գան, կը տեսնեն, կը գնահատեն, կը ցանկան իրենց տան մէջ ալ նմանատիպ իրեր ունենալ: Յուսամ` այսօր ալ յաճախորդներս բաւարարուած կը հեռանան: Երբ կը տեսնեմ անոնց աչքերուն փայլը, երբ  գեղեցիկ առարկայ մը կը գնեն, կրկին կը  սիրահարուիմ իմ  արհեստիս, որ նաեւ արուեստ է»,- կը նշէ տիկին Մաիտան: Մէկ այլ յաճախորդ սպասարկելէ յետոյ դարձեալ կը շարունակէ պատմել իր ու իր գործին մասին. «Միայն այսպիսի վաճառքներու կը  մասնակցիմ, հիմնական աշխատանք չունիմ, բայց գոհ եմ, այստեղ կը  գնահատեն ինծի: Այն միտքը, որ իմ պատրաստած իրերը մարդիկ  իրենց տան մէջ պիտի պահեն ու երկար յիշեն զիս, արդէն պարտաւորեցնող ու հաճելի է: Այս երեք ու կէս տարուան ընթացքին հասկցայ, որ մեր իրական հայրենիքը Հայաստանն է, Սուրիան մեր ծննդավայրն է, մեր յիշողութիւններու երկիրը, սակայն հայրենիքը մէկ է` Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:

ցուցահանդեսցուցահանդես1

Րաֆֆի եւ Եոլանտ Ռշտունիները ամուսնացած զոյգ  են: Կը ներկայացնեն իրենց «Raffi & Yoland sweets & food» ապրանքանիշը: Ցուցահանդէս-վաճառքին բերած են իրենց քաղցրաւենիքները, սակայն կ’ընդունեն նաեւ տարբեր կերակուրներու պատրաստման պատուէրներ: «Այստեղ  արդէն 3 տարի կ’ապրինք: Հայաստանի մէջ սա մեր ամենօրեայ աշխատանքն է, թէեւ Հալէպի մէջ այլ գործ ունէինք: Ամուսինս արհեստաւոր էր: Սակայն այս ամէնը` կերակուրները, քաղցրաւենիքը, ամենատարբեր ուտեստները, մենք մեր տան մէջ կը  պատրաստէինք մեզի եւ մեր հիւրերուն համար: Օրինակ` եթէ Հալէպի մէջ մեր ընտանիքին հիւընկալուէիք, ահա այսպիսի  սեղան մը կը պատրաստէինք Ձեզի համար»,- կէսկատակ-կեսլուրջ կ’ըսէ Եոլանտը ու կը հաւաստէ` հալէպեան հիւրասիրութեան շուրջ հիւսուած առասպելները ճշմարտութեան շատ մօտ են, եթէ ոչ ամբողջութեամբ` ճշմարիտ: «Հալէպի մէջ իւրաքանչիւր հայկական ընտանիք տան մէջ իր աղջիկներուն անխտիր որեւէ ձեռքի արհեստ կը սորվեցնէր: Յայտնի հեքիաթի հերոսուհի Անահիտի հեռատեսութեամբ` մենք ալ կը մտածէինք, որ այս ամէնը գուցէ մեզի օր մը պէտք կու գայ, եւ այդպէս ալ եղաւ»,- կը նշէ Րաֆֆին: Պատերազմի աւարտէն յետոյ զոյգը կը ցանկայ վաճառել իրենց հալէպեան ունեցուածքն ու գումարը ներդնել այստեղ` իրենց գործարարութիւնը աւելի զարգացնելու համար:

ցուցահանդես12ցուցահանդես9

Երիտասարդ աղջիկներու մեծ հերթ մը գոյացած էր Սեւան Մելքոնեանի սեղանին շուրջ: Իր վաճառած զարդերով ան գրաւած էր աղջիկներու ուշադրութիւնը: Սեւանը հայրենիքի մէջ է ամուսնուն եւ որդիին հետ: Ընդմիշտ Հայաստան հաստատուելու նպատակով եկած սուրիահայ կինը կը նշէ` այստեղ ինքը երջանիկ է, ամենակարեւորը` որդին Հայաստանի մէջ կրնայ ապահով ապագայ ունենալ:

ցուցահանդես15ցուցահանդես16

Սեւանի սեղանէն ոչ հեռու արծաթեայ սպասքով ու տարաբնոյթ ձեռագործ իրերով կը ներկայանայ Լեւոն Քօշկալեան: 7 ամիս է` հայրենիքի մէջ է, կը փորձէ այստեղ հաստատուիլ ու շարունակել Հալէպի իր գործը: Այնտեղ եւ՛ խանութ ունէր, եւ՛ արհեստանոց, սակայն պատերազմը ոչնչացուց ամէնը: «Պատերազմի ժամանակ գործ չկար, միայն վտանգ ու վախ կար: Իսկ պատերազմէն առաջ ամէն ինչ լաւ էր, իմ արհեստս` արծաթագործութիւնը, պահանջուած էր, քանի որ հալէպահայերը կը սիրեն արծաթ: Այստեղ դեռ հաստատուելու խնդիր կայ, որովհետեւ մարդիկ աւելի շատ ոսկեայ իրեր կը սիրեն, սակայն վաճառք կ’ըլլայ: Հայրենիքի մէջ հաստատուիլը ամենաճիշդն է»,- կը նշէ Լեւոնը:

ցուցահանդես4ցուցահանդես5

ցուցահանդես6ցուցահանդես8

Ահա այսպէս` Հալէպէն հեռու Երեւանի մէջ սուրիահայերը կը փորձեն ներկայացնել իրենց ծննդավայրի շունչը: Այդ շունչը ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայ գտնուիլ ցանկացողներուն հասանելի կ’ըլլայ նաեւ վաղը:

Ամալեայ Կարապետեան

ցուցահանդես11ցուցահանդես7

Scroll Up