Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի Մասնաճիւղի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ  նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ տեսաժողով ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն հետ: Ձեռնարկին կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:

Արժանթինէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ատենապետ Համբարձում Հալաճեան, ՀԲԸՄ վարչութեան անդամ Անթոնիօ Սարաֆեան, պատուաւոր անդամ Մատլէն Թշրեան, Մարի Մանուկեան վարժարանի պատասխանատու Ելենա Աշճեան, ՀԲԸՄ պատասխանատու Խոսէ Տաբակեան, տուտուկահար, ՀԲԸՄ պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան:

Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան նախաձենութեամբ սկիզբ առած «2017-ը Արցախի տարի» եւ «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման անմիջապէս արձագանքելու եւ միանալու համար: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ դուք հեռաւոր Արգենտինայում մասնակցում էք համահայկական ձեռնարկներին, պահպանում ու փոխանցում էք ազգային մշակոյթն ու ոգին, մշտապէս աջակցում էք Արցախին, դառնում հայրենիքի առաջընթացի մասնակից: Կարծում եմ, շարժման շրջանակում դուք բացառիկ, փայլուն ծրագրով էք ներկայանալու: Մենք պատրաստ ենք աջակցել Երեւանում եւ Արցախում իրականացուելիք համերգների կազմակերպական աշխատանքներին, ձեր բոլոր ձեռնարկներին»:

Անթոնիօ Սարաֆեան ներկայացուց «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» ծրագիրի ծիրէն ներս ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին կողմէ նախատեսուած ծաւալուն եւ բազմաբովանդակ ծրագիրը: Ան նշեց, որ համայնքը ոգեւորուած է, պիտի իրականացուին  շարք մը մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ քարոզչական ձեռնարկներ: Արցախ այցելած արժանթինցի լրագրողներուն հետ համատեղ  կը նախատեսուի արժանթինցի  խումբ մը երաժիշներու եւ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանի համերգները կազմակերպել Պուէնոս Այրէս Ռոսարիօ, Փոսատաս, Մար տէ Փլատա, Ռիօ Կալոկոս, Մենտոզա եւ այլ քաղաքներու մէջ: Համերգներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Պրազիլիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Ծրագիրը պիտի ամփոփուի Գագիկ Գասպարեանի, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ Հայաստանի պարի պետական անսամպլի Երեւանի եւ Արցախի մէջ կայանալիք միացեալ համերգներով:

Երեւանի մէջ կը կազմակերպուի նաեւ Արցախին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէս վաճառք: Նախատեսուած է ողջ ծրագիրի իրականացումէն գոյացած հասոյթով գնել երաժշտական գործիքներ եւ նուիրել Արցախի դպրոցներուն:

Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքին մասնակցութիւնը առաւել ընդգրկուն դարձնելու եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ իրականացնելու հետ կապուած հարցեր:

 

Scroll Up