«Բարեգործութիւնը Աղմուկ Չի Սիրեր».Մուրատ Աքիւզ

Մարտ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութեան նախագահ Մուրատ Աքիւզը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը համայնքին եւ Հայրենիքին մէջ, մասնաւորապէս անդրադարձաւ յայտնի գործարարի նոր ծրագիրներուն: Անոր նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ բուժարան մը բացուած է, վերանորոգուած են մանկապարտէզներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Մուրատ Աքիւզ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ նախարարութիւնը բաւականին աշխոյժ կ’աշխատի սփիւռքի համախմբման, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ մեր հայրենակիցներու ներդրումները խթանելու, հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ: Իր բարեգործութեան մասին գործարարը չի սիրեր բարձրաձայնել: «Բարեգործութիւնը աղմուկ չի սիրեր». Կ’ըսէ ան:

img_8070

 

Scroll Up