Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարան Սրբոց Վարդանանց եւ Մայրենի Լեզուին նուիրուած Տօնախմբութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/կրթասիրաց1-1.jpg)
Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի եւ Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Սրբոց Վարդանանց եւ Մայրենի Լեզուի զոյգ տօները, Չորեքշաբթի 22 Փետրուար 2017-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:
ԺԱ կարգէն խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացուցին բացման խօսք, որմէ ետք բեմ բարձրացան Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզի աշակերտները եւ հաւաքաբար երգեցին ու արտասանեցին Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած շարք մը կտորներ: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան՝ Բ կարգէն խմբային ասմունք՝«Մայրենի Լեզու», Ե կարգէն խմբային երգ՝ «Ով Հայրենեաց Պսակադիր», Գ եւ Ե կարգերէն խմբային ասմունք՝ «Խօսք Իմ Որդուն», Դ կարգէն խմբային ասմունք՝ «Հայրենիք», Զ եւ Է կարգերէն խմբային ասմունք եւ Ժ կարգէն խմբային ասմունք՝ «Հայու Ոգին»:
Տօնախմբութեան ընթացքին բոլոր ներկայ աշակերտները վարժարանիս երգի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Հուրի Պարսումեան-Հատիտեանի նուագակցութեամբ երգեցին «Հիմի Էլ Լռենք» երգը:
Օրուան բանախօսն էր՝ վարժարանիս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց Աւարայրի ճակատամարտի կարգ մը մանրամասնութիւնները եւ նշեց, որ Վարդան Մամիկոնեանն ու իր ընկերները նահատակուեցան յանուն հաւատքի, հայրենիքի ու լեզուի պահպանման: Ուրեմն, այսօր մենք ալ պարտաւոր ենք հետեւելու իրենց օրինակին:
Գեղարուեստական բաժնի աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէն՝ Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանը, որ աշակերտներուն փոխանցեց Վարդանանց պատերազմի խորհուրդը մատնանշելով մեծ դերակատարութիւնը Ղեւոնդ Երէցին եւ ընդհանրապէս հայ հոգեւորութեան, որոնք զինուորականութեան կողքին կանգնելով, հաղորդութիւն տուին եւ իրենք եւս մասնակցելով պատերազմին՝ անմահացան: Ան շեշտելով հայերէն լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը, իւրաքանչիւր աշակերտի վիզին պարտք դրաւ լաւապէս սորվիլ ու գործածել հայերէն լեզուն:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առնելով վարժարանի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան խրախուսեց աշակերտները Աւարայրի հերոսներուն օրինակը վկայակոչելով: Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ ու հայրենասիրական ջերմ զգացումներով ջամբուած մեկնեցան սրահէն:
Այս առիթով տնօրէնութիւնը պատրաստած էր Վարդանանց պատերազմին նուիրուած բացիկներ, որոնք բաժնուեցան աշակերտներուն՝ միշտ իրենց մօտ վառ պահելու Վարդանանց հերոսներու օրինակը:
Աւանդական տօներու նշումը հայկական դպրոցներէն ներս աւանդութիւն պահելէ անդին կը միտի նաեւ մատղաշ սերունդին մէջ բարձր պահել ազգային ոգին ու կրթել զանոնք ազգի հերոսներուն վսեմ օրինակով:
Յուշիկ Ղազարեան