Ձեռնարկ «Արմատ» Դպրոցին ՄԷջ
Հարաւային Ռուսատանի Հայոց թեմի «Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ կը գործեն բազմաթիւ մշակութային խմբակներ եւ «Արմատ» լրացուցիչ կրթութեան հայկական դպրոցը: Արդէն երկու տարի է, որ այստեղ տեղակայուած եւ յաջողութեամբ կը զարգանան հայ ժողովրդական պարի «Նարեկ» համոյթը, Քրիստինա Խալաթովայի էսդրատային-ճազային երգի արուեստանոցը, «Հայք» մետիան, «Վախթանգով» թատերական արուեստանոցը, «Կոմիտաս» մանկական երգչախումբը: Կեդրոնի ընդհանուր այցելուներու թիւը կը տատանուի 400-ի շուրջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Երազիկ Յարութիւնեան, աշխատանքային առօրեան աւելի հետաքիրքիր եւ բազմաշերտ կը դառնայ, երբ երբեմն-երբեմն կ’ընդմիջուի տօնական տրամադրութեամբ: «Վարդանեան» կեդրոնի ուսուցիչները եւ կազմակերպիչները ողջ ուսումնական տարուան ընթացքին կ’աշխատին ինքնամոռաց նուիրումով, աշակերտներուն հաղորդելով այնպիսի կարեւոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, որոնք ոչ մէկ այլ կրթօճախի մէջ անոնք կը ստանան: Եւ այն օրը, երբ անոնց` սովորաբար դասասենեակներուն եւ աշխատասենեակներուն մէջ պարփակուած աշխատանքը կը բարձրանայ բեմ, կը ներկայացուի ծնողներուն եւ դպրոցի բարեկամներուն դատին, անոնք աշակերտներէն աւելի շատ կը յուզուին եւ շփոթուին, կը լեցուին պատասխանատուութեան եւ ինքնարտայայտման հնարաւորութիւններու բերկրանքի խառն զգացումներով:
Տարբեր քաջալերիչ անուանակարգերով հանրագումարային ձեռնարկը անցաւ յուզաթաթաւ, ջերմ եւ պարտաւորեցնող մթնոլորտի մէջ: Եօթ հետաքրքիր անուանակարգերու մէջ պարգեւատրուեցան 10 լաւագոյնները, որոնք ստացան «Արմատ» դպրոցի պատուոգիրներ եւ յատուկ պատկերանշանով շոքոլատներ: Առանձնացան ամենանուիրուած ընտանիքն ու ծնողը, ամենապարտաճանաչ աշակերտն ու ուսանողը, ամենաշնորհալի բեմադրիչն ու ուսուցիչը…
Կեդրոնի բարեկամներու եւ օգնականներու շարքերը այնքան ստուար էին, որ անոնց պարգեւատրութեան ընթացքին բեմը վերածուած էր իսկական շքերթի: Եւ այս ամէնը կ’ընդմիջուէր դպրոցի ստեղծագործական դասարաններու պատրաստած հրաշալի գեղարուեստական համարներով: Հանդիսատեսը հիացած էր եւ «Չարի վերջը» ու «Արուեստն ըսելիք ունի» բեմականացումներով եւ «Քրիստինա Խալաթովա» արուեստանոցի ու «Կոմիտաս» երգչախումբի շնորհալի երգերով եւ «Նարեկ» համոյթի պարերով ու «Մեծ Մհեր» դասարանի ասմունքով եւ թէ` հիանալի հեղինակային տեսանիւթերով, որոնք մէկընդմէջ կը սփռուէին պաստառին:
Տօնը կայացած էր, բոլոր պարգեւատրուածները եւ չպարգեւատրուածները կը շնորհաւորէին զիրար, բոլոր աշակերտներն ու ծնողները երջանիկ էին` նոր յաջողութիւններու սպասումով: