ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ուքրանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Գրիգորիս Արք. Պունիաթեանը Եւ Ուքրանիոյ Խմելնիցկի Մարզի Հայ Համայնքի Ղեկավար Սուրէն Աւագեանը

Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ տեր Գրիգորիս արքեպիսկոպոս Պունիաթեանը եւ Ուքրանիոյ Խմելնիցկի մարզի հայ համայնքի ղեկավար Սուրէն Աւագեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, հայոց լեզուի տարածման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ հայ համայնքին առնչուող հարցեր:
Հիւրերը նախարարին ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Ուքրանիոյ հայ համայնքի կողմէ իրականացուող ձեռնարկները:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց հիւրերու աշխատանքը Ուքրանիոյ մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման գործին, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն: