«Վան» Դպրոցէն Ներս Նշուեցաւ Մայրենիի Օրը
Նայմեխենի «Միացեալ Հայերը Հոլանտա»-ի մէջ կազմակերպութեան սրահը, այս անգամ լեցուած էր հայաստանեան գոյներով:
Մայրենիի միջազգային օրը նշելու համար կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի սաները, որպէս թեմա ընտրած էին պատմական Հայաստանի տարածաշրջաններու խօսակցական լեզուն` բարբառները:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Նիտերլանտական օրագիր»-էն, այս անգամ սաները ներկայացուցին Արցախի, Երեւանի եւ Սասնայ խօսակցական լեզուն, այդ տարածաշրջաններու ժողովուրդի կենցաղն ու առօրեան, հագ ու կապը ��? սկսած տարազներէն մինչեւ ազգային երգն ու պարը, աւանդական ուտեստներու մասին պատմութիւնները:
«Վան» դպրոցի սաներու ներկայացուցած գեղեցիկ տարազները Թամարա Պօղոսեան-Ստեփանեանի ձեռքի քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքն էին, որուն որպէս ծնող` շատ կը սիրեն եւ կը յարգեն այստեղ: Ընդհանրապէս մեծ էր ձեռնարկի նկատմամբ հետաքրքրասիրութիւնը :
Ճանաչողական բնոյթի այս ձեռնարկը, որ կը պարունակէր հետաքրքիր տեղեկատուութիւն դէպի հայկական արմատները, ուշադրութեամբ կը հետեւէին թէ ��? երեխաներու ծնողները, եւ թէ հրաւիրուած հիւրերը: Յատկապէս հետաքրքիր էր Արցախին վերաբերող մասը: Ի դէպ` ձեռնարկը կը կրէր «Դուն ինչ կ´ընես Ղարաբաղի համար» կարգախօսը:
Աւարտին ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու հիւրերը համտեսեցին իրենց իսկ ուժերով պատրաստած յիշեալ տարածաշրջաններու աւանդական ուտեստները ��? ժենկեալով հաց, հարիսա, տոլմաներու տեսականի, հաճարով փլաւ, Հայաստանէն Հոլանտա հասցուած լաւաշ եւ քաղցրաւենիքներ:
Տօնը’ իրականացուեցաւ, իսկ մասնակիցներն իրենց ծափահարութիւններով լաւագոյնս գնահատեցին «Վան» դպրոցի (տնօրէն Սուետա Աբրահամեան) սաներուն: