Չպարզուած Հանգամանքներով Պայմանագրային Զինծառայող մը Զոհուած է. Արցախի ՊՆ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/zinvor1.jpg)
Փետրուար 23-ին` ժամը 00:45-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, մահացած է պայմանագրային զինծառայող, 1991-ի ծնունդ Գոռ Ֆրունզիկի Խուդինեանը:
Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: