Մայրենիի Օրուան Տօնակատարութիւնը Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Տեղի ունեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ»  արեւմտահայերէն  մանկապատանեկան կայքի  շնորհանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» շարադրութիւններու մրցոյթի  ամփոփումը Փետրուար 21-ին Մայրենիի օրուան առթիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի (Armlands.com) շնորհանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթի ամփոփումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար  Հրանոյշ Յակոբեան: Ան նշեց, որ վաղնջական ժամանակներէն հայոց լեզուն եղած է հայու տեսակի կերտման, հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու հոգեբանութեան ձեւաւորման ամենազօրեղ միջոցը: «Փետրուարի 21-ին Հայաստանում  եւ սփիւռքում նշւում է  ԵՈՒՆԵՍԿՕ–ի եւ հայոց պետութեան կողմից սահմանուած «Մայրենիի օր»  տօնը: Իր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներում Հայոց լեզուն ունեցել է եւ ունի հայապահպան առաքելութիւն: Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հայոց լինելիութեան միջնաբերդ: Օտարն է Աստծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն համարել հայերէնը», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ ինչպէս տունն ու հայրենիքը, այնպէս ալ մեր լեզուն կարիքը ունի մշտական հոգացողութեան, նորոգման ու պաշտպանութեան: «Մեր պետական լեզուն իր երկու ճիւղերով` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, կարիք ունի լուրջ հոգածութեան: Մենք պէտք է խօսակցական հայերէնը զերծ պահենք աղճատումներից, օտարաբանութիւններից ու ժարգոնից: Եւ Մայրենիի այս գեղեցիկ օրուայ առթիւ մեր շնորհակալական խօսքն ու երախտագիտութիւնն ենք յայտնում հայոց լեզուի մի խումբ անխոնջ մշակների»:

Մայրենիի տօնին առթիւ` մայրենիի անաղարտութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց ԵՊԲՀ «Ապագայ բժիշկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեդա Թորոսեանը, Երեւանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի տնօրէն Կարինէ Զատիկեանը, Միջազգային կրթական խորհուրդի նախագահ Հայկուհի Գէորգեանը, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը, Հանրային հեռուստատեսութեան լրատուական հաղորդումներու ղեկավար Արտակ Հերիքեանը, բ.գ.դ. փրոֆէսոր, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, բ.գ.դ. փրոֆէսոր Լալիկ Խաչատրեանը, բ.գ.թ. դասախօս Աշոտ Տէր-Մինասեանը, Իրաքահայ հասարակական գործիչ Վարանդ Պետրոսեանը:

Այնուհետեւ նախարարն անդրադարձաւ նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին: «Արեւմտահայերէնով առաջին մանկապատանեկան կայքի ստեղծման միտքը 9-ամեայ հայրենադարձ Արեգիինն է, ում խնդրանքով նրա մայրը` «Եռագոյն» կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքը: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերի եւ տպագիր թերթերի շտեմարանը», – ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Նախարարն ընդգծեց, որ կայքի կայացման անհրաժեշտ կ’ըլլայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու աջակցութիւնը, հաշուի կ’առնուին ներկայացուած առաջարկութիւնները: «Կայքը առաջին հերթին կը նպաստի մեր ոսկեղենիկ արեւմտահայերէնի պահպանութեանը», – նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Կայքի կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ կայքին մէջ պիտի ըլլայ փոքրիկներու անկիւն, մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ եւ շտեմարան: «Արդէն իսկ սկսուած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կը կարծենք, որ փոքրիկներուն ամենաշատը  պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց աշխատանքները: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժինին մէջ երեխաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան առցանց հաղորդակցելու իրար հետ», – նշեց Ն.Մկրտիչեան:

Կայքին վերաբերեալ կարծիք յայտնեցին  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Նարէ Միքայէլեան եւ կայքի աջակից, հայրենադարձ ծնող Լիզա Քարաջեան: «Ես հայրենադարձուած եմ իմ Հայրենիքս, որպէսզի երեխաներս հայ մեծնան: Իսկ հայ մեծնալու առաջին պայմանը մեր մայրենին իմանալն է», – ըսաւ Լ.Քարաջեան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթին: Ամփոփելով մրցոյթի արդիւնքները` նախարարն ընդգծեց, որ շարադրութիւններու մրցոյթին մասնակցած է Սփիւռքի աւելի քան 100 դպրոց, որոնցմէ ստացուած է աւելի քան 1000 երեխայի ստեղծագործութիւն: «Յատկանշական է, որ շատ ակտիւ են յատկապէս մէկօրեայ դպրոցներու աշակերտները, որ կը վկայէ այդ կրթօճախներու արդիւնաւէտ գործունէութեան մասին», – նշեց նախարարը:

Ձեռնարկին մայրենիին նուիրուած երգով հանդէս եկան Եւրոպական դպրոցի 4-րդ դասարանի հայրենադարձ մանուկները:

%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab7%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab8%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab1%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab2%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab3%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab4%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab5 %d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%ab6

Scroll Up