Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Պաղտատի ՄԷջ
Փետրուար 18–ին Իրաքի մայրաղաքաք Պաղտատի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Այդ առթիւ Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Հոգեշնորհ Տէր Պետրոս աբեղայ Ազարեանի գլխաւորութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ, որուն մասնակցեցան Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան, այլ դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Շնորհաւորելով ներկաները` Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան նշեց, որ հայ զինուորականը այսօր ոչ միայն ամուր կը պաշտպանէ մեր սահմանները, այլեւ իր նպաստը կը բերէ միջազգային խաղաղութեան ապահովման` այդ կերպ բարձրացնելով ՀՀ հեղինակութիւնը միջազգային հարթակի վրայ:
Դեսպանը նաեւ աւելցուց, որ ՀՀ զինուած ուժերը, ունենալով մասնագիտական բարձր պատրաստուածութիւն, կարգապահութիւն եւ հայրենիքի նկատմամբ մեծ նուիրում, կրնան իրականացնել իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները:
Ձեռնարկին ընթացքին հայրենասիրական երգերու եւ ասմունքի կատարմամբ հանդէս եկան համայնքային երգչախումբը, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ հայկական վարժարանի սաները: