Տեառնընդառաջը Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ին, Տեառնընդառաջի նախատօնակին առթիւ , Հալէպի Նոր Գիւղի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ շարականներու երգեցողութիւն։

Օրուան պատարագիչն էր Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան։
Արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ և ազգային մարմիներու ներկայացուցիչներ:
Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Արարողութեան աւարտին խորանէն ճրագ մը առնելով դպիրներն ու քահանայ հայրերը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ։
Ժողովուրդը խարոյկին շուրջ լայն շրջանակ կազմած վերապրեցուց մեր աւանդոյթներն ու հրավառութեան հետ Նոր Գիւղը եզակի ուրախութիւն ապրեցաւ։ Նոր Գիւղի մէջ երկար ատենէ ի վեր Տիառնընդառաջը այսքան հոծ բազմութեամբ չէր նշուած:
Հաւատացեալները,
իրենց աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած, խաղաղութիւն, առողջութիւն և անվտանգութիւն խնդրեցին Բարձրեալէն։ Ապա ներկաներուն եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած լապտերներ բաշխուեցաւ:
Հաւատացեալները ջերմ մաղթանքներով բաժնուեցան, իրենց հետ տուն տանելով օրուան խորհուրդը ներկայացնող ճրագը։
Նոր Գիւղի մէջ կեանքը կը շարունակուի: Բոլորին մաղթանքն է, որ այս վշտալի պատերազմը վերջ գտնէ ու խաղաղութեան լոյսը անգամ մը եւս պայծառացնէ Սուրիոյ երկնակամարը։

Ժիրայր Կարապետեան

Գանձասար

halep1

Scroll Up