Գերմանիոյ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Ուղղուած Դիմումը

Գերմանիոյ սահմանադրական դատարանը մերժած է Պունտեսթակի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշման դէմ ներկայացուած դիմումը:

Այս մասին, ըստ ermenihaber.am-ի, տեղեկացուցած է թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութիւնը:

Ծագումով թուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշ դիմած էր սահմանադրական դատարան` պահանջելով չեղարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող խորհրդարանական որոշումը:

«Dogan»-ի հետ զրոյցին ընթացքին՝ Աքպաշ տեղեկացուցած է, որ Գերմանիոյ դատարանը իր ներկայացուցած դիմումը վարոյթ չէ ընդունած: Իբրեւ հիմնաւորում դատարանը նշած է, որ չկան բաւարար ապացոյցներ, թէ Պունտեսթակի որոշումը կ՝ոտնահարէ դիմողի հիմնարար կամ յարակից իրաւունքները:

Թուրք փաստաբանը աւելցուցած է, որ իրենք արդէն ստացած են դատարանին վճիռը եւ յառաջիկային պիտի դիմեն նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Աքպաշ նաեւ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին դէմ 8 տարբեր դիմում ներկայացուած է Գերմանիոյ սահմանադրական դատարան:

Յիշեցնենք, որ 2016 Յունիս 2-ին Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանը՝ գրեթէ միաձայն (1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ)՝ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, դատապարտող եւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը ընդունող բանաձեւ: Այդպիսով, Գերմանիան դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 29-րդ երկիրը

Scroll Up