Ս. Փեթերսպուրգի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Եւ Ղազախստանի Վարչապետներու Հանդիպումը
Մեկնարկած է ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ռուսաստանի դաշնութիւն: ԱՊՀ անդամ-պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստէն առաջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այսօր առաւօտեան Ս. Փեթերսպուրգի մէջ հանդիպած է Ղազախստանի վարչապետ Սերիկ Ախմետովին:
Հանդիպման ժամանակ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ղազախական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Մասնաւորապէս, արծարծուած է մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան ուղղութեամբ փոխգործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Երկկողմ տնտեսական կապերու ընդլայնման ծիրէն ներս ընդգծուած է Երեւան-Աստանա օդային ուղիղ չուերթներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը: Ղազախստանի վարչապետը նշած է,
որ այդ հնարաւորութիւն կու տայ աշխուժացնելու գործարար կապերը երկու երկիրներու միջեւ: Իր հերթին ՀՀ վարչապետը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հաստատած է մրցունակ ու շարունակական օդային փոխադրումներու ծառայութիւններու մատուցման ապահովման ծրագիրը եւ ազատականացուցած է Հայաստանի օդային սահմանները: Տիգրան Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի կողմէ «Բաց երկնքի քաղաքականութեան» որդեգրումը հնարաւորութիւն կու տայ խթանել
Հայաստանի տնտեսական զարգացումը:
Երկուստեք կարեւոր համարուած է հայ-ղազախական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացումը: Անդրադարձ եղած է նաեւ սերմնաբուծութեան
ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն: Այս առումով վարչապետ Սարգսեան կարեւոր համարած է ոլորտին մէջ Ղազախստանի փորձի ուսումնասիրութիւնը եւ կիրառումը:
Ղազախստանի վարչապետը Հայաստանի վարչապետին հրաւիրած է Ղազախստան:
ՀՀ վարչապետի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան կազմին են ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանեսեանը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Կարինէ Մինասեանը, ՀՀ տնտեութեան նախարարի տեղակալ Արա Պետրոսեանը, ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Եոսիֆ Իսայեանը, ՀՀ
ֆինանսներու նախարարի տեղակալ Սուրէն Կարայեանը, պաշտօնատար այլ անձիք: