«Վահէ Կարապետեան» Կեդրոնին Մէջ ՀԲԸՄ-ը Կ’իրականացնէ Սուրիահայերու Աջակցութեան Եւս Մէկ Ձեռնարկ

ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոնին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան  Հայաստանի գրասենեակը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ն  կ’իրականացնեն սփիւռքահայ բարերարներ տէր եւ տիկին Գըրգ եւ Արսինէ Գազազեաններու` ՀԲԸՄ Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին կատարած 25,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութեան բաշխումը:

Մարդասիրական օգնութեան ծրագիրին համաձայն, սուրիահայ կարիքաւոր 250 ընտանիքներու նուիրատուութեան տեսքով կը տրամադրուի ֆինանսական օգնութիւն` 100 ԱՄՆ տոլար գումարի չափով, որ առաւելաբար կ’օգտագործուի ջեռուցման ծախսերու փոխհատուցման համար:

ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեկեան նշեց, որ Բարեգործականը անցնող հինգ տարիներուն Հայաստան ապաստանած հազարաւոր սուրիահայերու համար օգնութեան տարաբնոյթ ծրագիրներ իրականացուցած է: Շարք մը ծրագիրներ կառոյցը իրականացուցած է` համագործակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ : Սուրիահայութեան աջակցութեան ծրագիրները կը շարունակուին նաեւ այս տարի, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած են անոնց կրթական, առողջապահական ու սոցիալական խնդիրներու լուծման:

%d5%b0%d5%a2%d5%a8%d5%b41

Scroll Up