Դեռ կեանք մը կայ Հալէպի Մէջ պլպլացող, պէտք է բոցավառել զայն. Կարօ Եուզպաշեան

Նոր Յառաջ-Ինչպէս արդէն ծանուցանեցինք թերթիս սիւնակներուն մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Կարօ Եուզպաշեան ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի հրաւէրով՝ այս օրերուն Ֆրանսա կը գտնուին Հալէպահայութեան զօրակցութեան արշաւի մը ծիրէն ներս: Գրեցինք նաեւ թէ Շահան արք. կուռ ճառ մը արտասանեց CCAF-ի ընթրիքին, որ յոտնկայս ծափահարութիւններու արժանացաւ:
Հալէպահայութեան երկու ներկայացուցիչները Հինգշաբթի, Փետրուար 9-ին եւ Ուրբաթ, Փետրուար 10-ին յաջորդաբար Ալֆորվիլի եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի հայ համայնքներուն հետ ժամադրութիւն ունէին:
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան եւ Իսիի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ն. Ֆրէնկեան» սրահները ծայրէ ծայր լեցուցած ներկաներուն Շահան արք. բացատրեց, թէ իրենց շրջապտոյտը կը հետապնդէ զոյգ նպատակներ: Մէկ կողմէն՝ լրասփիւռներու միջոցաւ շրջող անհիմն շատ մը լուրերու դիմաց՝ բերել իրենց ստոյգ եւ կարելի եղածին չափ սպառիչ վկայութիւնը Հալէպի հայ համայնքէն, եւ միւս կողմէն ալ նիւթական օգնութիւն ապահովել վերակառուցման փուլին գտնուող համայնքին համար:
Իսկ Կարօ Եուզպաշեան երկրորդելով Սրբազանին ըսածները, աւելցուց թէ ճիշդ է՝ շատեր կը կարծեն, թէ Հալէպը բոլորովին քարուքանդ եղած է, բայց ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, դեռ կեանք մը կայ հոն պլպլացող, պէտք է բոցավառել զայն:
Հալէպահայ հիւրերը Կիրակի, Փետրուար 12-ին ալ Փարիզի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, կից «Ն. Ֆրէնկեան» սրահին մէջ նոյնպէս հանդիպում մը ունեցան փարիզահայ համայնքին հետ:
Նման ձեռնարկներ նախատեսուած են Լիոնի, Մարսիլիոյ եւ եւրոպական շարք մը քաղաքներու մէջ եւս:
Շահան արք. եւ Կ. Եուզպաշեան պիտի փորձեն առաւելագոյն թիւով Հայերու զօրակցութիւնը ապահովել մինչեւ Փետրուար 18, երբ տեղի պիտի ունենայ Հալէպահայերու ի նպաստ ռատիօթոնը, մասնակցութեամբ՝ ԱՅԲ-Էֆ.Էմ.ի, Ռատիօ Ա.ի եւ Ռատիօ Արմենիի:
Հանգանակութեան ակնկալուած գումարն է 100.000 եւրօ:
Կարելի է նուէրներ ղրկել Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչին (ՖԿԽ), հետեւեալ հասցէով, նշելով՝ որ Հալէպահայութեան համար է.- CBAF – 17, rue Bleue, 75009 Paris.
Նուիրատւութիւններու դիմաց պիտի ղրկուին cerfa ստացագրեր: ՖԿԽ կը նշէ, թէ հանգանակուած գումարները Հալէպ պիտի առաքուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին միջոցով: