Հայոց Բանակի 25 ամեակին նուիրուած աշակերտական տօնակատարութիւն Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան Երկրդ.Վարժարանէն ներս

Համայն հայութեան համար հպարտութեան տօն կը համարուի Հայոց Բանակին 25 ամեակը, որ կը զուգադիպի 28 Յունուարին եւ որուն նուիրուած տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական գաղթօճախներէն ներս: Հալէպը անմասն չմնաց այս ուրախանալի տօնակատարութիւններէն: Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը խրախուսելով աշակերտները մեծ շուքով տօնախմբեց Հայկական Բանակի 25 ամեակը Ուրբաթ 10 Փետրուար 2017-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:
Հանդիսութեան ներկայ էին արժանապատիւ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի հոգաբարձութեան կազմն ու ատենապետ` տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան, վարժարանի տնօրէն` Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, ծնողաց յանձնախումբը, ուսուցչական ու վարչական կազմերն ու դպրոցի աշակերտութիւնը:
«Քայլ առ առաջ»երգը երգելով, եռագոյն դրօշներով մուտք գործեցին առաջին կարգի աշակերտները եւ միասնաբար ներկայացուցին «Հայրենի Երկիր»բանաստեղծութիւնը:
Բացման խօսք ներկայացուցին տասերորդ կարգէն Լուսին Պարսումեան, Տիգրան Զէյթճեան եւ Ռազմիկ Մազլումեան, որոնք աշակերտութեան պարզաբանեցին Հայոց Բանակին եւ հայ զինուորին կատարած յոյժ կարեւոր նուիրեալ գործը ի խնդիր մեր հողերու պահպանումին եւ հայ պետականութեան հզօրացումին:
Այնուհետեւ տեսաերիզի վրայ ցուցադրուած «Հայոց Բանակ» եւ «Հա’յ, Հա’յ» երգերով աշակերտները ամենայն խանդավառութեամբ միասնաբար երգեցին:
Խումբ մը աշակերտներ` Նարեկ Սարգիս, Մեղեդի Գույումճեան, Բալին Իսկէնեան, Ռիթա Խաչօ եւ Յարութ Ճէնանեան հայրենասիրական բանաստեղծութիւն մը ասմունքեցին, որմէ ետք երկրորդ դասարանէն Սերճ Սարգիսը զինուորի տիպարով փունջ մը հայրենասիրական երգեր ներկայացնելով սրահը ճոխացուց:
Ապա երրորդ դասարանէն Բարտի Քինեան գեղեցկօրէն ասմունքեց «Ուխտ Արարատին»բանաստեղծութիւնը, իսկ երկրորդ կարգի աշակերտ Ստեփան Օհաննէսեանը քաջաբար ասմունքեց «Խաչի զինուոր»ը:

Օրուան բանախօսն էր երկրորդական կարգերու հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Օրդ. Յուշիկ Ղազարեան: Ան հարցումներ ուղղելով աշակերտներուն բարձրաձայն մտածելու առիթ տուաւ, նշելով թէ Հայոց պատմութեան մէջ Հայկական Բանակն ու հայ զինուորը միայն 25 տարիներու կեանք չունին, այլ դարեր շարունակ միշտ պատրաստ գտնուած են հայրենիքը պաշպանելու եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը ապահովելու համար: Օրդ. Յուշիկը յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր հայ ուր որ ալ գտնուի` հայ զինուոր կը նկատուի, հայրենիքին համար իր բերած ներդրումով եւ աշխատանքով:

Ապա չորրորդ դասարանէն Արփի Գրտանեան, Մէյրի Տատաղլեան եւ Յովիկ Խաչիկեան ասմունքեցին 《Հայոց դրօշ》ը, իսկ տասնմէկերորդ կարգէն` Ծովակ Սարգիս, Նանոր Պալըգճեան, Սիլվա Ֆաքճեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Յակոբ Խաչոյեան ասմունքեցին Սիամանթոյի հոգեշունչ բանաստեղծութիւններէն:

Այնուհետեւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի`Տիկ. Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան հրաւիրեց արժանապատիւ Տ. Եզնիկ քհնյ. Զղջանեանը ներկայացնելու օրուան պատգամը:

Արժանապատիւ քահանահայրը նշեց, թէ հայ ժողովուրդը դարեր եւ դարեր շարունակ միշտ խոնարհած է հայ զինուորին առջեւ եւ այսօր մենք եւս Հայոց Բանակի 25 ամեակի հանդիսութեամբ կը խոնարհինք այն ուխտեալ հայ զինուորներուն եւ մարտիկներուն առջեւ, որոնք գիտակցութիւնը ունին զոհուելու յանուն հայրենի հողի պաշտպանութեան:

Տէր Եզնիկը Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով գնահատեց տարուած աշխատանքը:
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն` Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան խօսք առնելով նշեց, թէ հայկական բանակը ո’չ միայն կը պաշտպանէ Հայաստանը, այլեւ Արցախը: Տնօրէնը հաստատեց, թէ իւրաքաչիւր հայ իր դիրքին եւ գործին ընդմէջէն հայ զինուոր կը նկատուի այնքան ատեն, որ գիտակից է եւ հաւատարմօրէն իր ներդրումը կը բերէ եւ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին: Խօսքի աւարտին ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Հայոց Բանակին եւ անոր իւրաքաչիւր զինուորին` մաղթելով անամպ երկինք մեր հայրենիքին` Հայաստանին եւ անոր անբաժան մասը հանդիսացող Արցախին: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական բանակին, որ ամէն զոհողութիւն ստանձնելով ապահովութիւնը վերադարձուց Հալէպին, որուն շնորհիւ մենք այսօր խաղաղ պայմաններով կը շարունակենք ուսում ջամբել մեր աշակերտներուն:

Այնուհետեւ արժանապատիւ քահանահօր եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ` տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեանի ներկայութեամբ ան բեմ հրաւիրեց Սուրիական գիտական ողոմպիականի մրցումներուն տասերորդ կարգի պատուաբեր արդիւնքներ ապահովող աշակերտները` թուաբանութեան ճիւղին մէջ Հալէպի մակարդակով առաջին հանդիսացող առաջնակարգ աշակերտ` Էլի Իշուհը եւ համակարգչային ճիւղին մէջ նոյն մրցումներուն առաջնակարգ դիրք գրաւող`Ռուէյտ Սուէտը եւ զանոնք պարգեւատրեց քաջալերական նուէրներով:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով:

%d5%af%d6%80%d5%a9%d5%a1%d6%81%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%81

%d5%af%d6%80%d5%a9%d5%a1%d6%81%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%812%d5%af%d6%80%d5%a9%d5%a1%d6%81%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%813 %d5%af%d6%80%d5%a9%d5%a1%d6%81%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%814 %d5%af%d6%80%d5%a9%d5%a1%d6%81%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%815

Scroll Up