«Ռոստելեկոմ»-ը ԵՊՀ-ի Մէջ Հիմնած է Գունաւոր Հեռատեսիլի Հիմնադիր Յովհաննէս Ադամեանի Անուան Սրահ

Երեւանի պետական համալսարանի գրադարանի մասնաշէնքի 5-րդ յարկին մէջ, Փետրուար 9-­ին, տեղի ունեցած է մեծանուն գիտնական, գունաւոր հեռատեսիլի հիմնադիր` Յովհաննէս Ադամեանի անուան սրահի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ysu.am-ը։

Սրահը վերանորոգուած ու կահաւորուած է «Ռոստելեկոմ» ընկերութեան կողմէն եւ նպատակ ունի ստեղծելու միջավայր, ուր բացի կազմակերպուելիք ձեռնարկներէն ու խորհրդաժողովներէն, ուսանողները պիտի ոգեշնչուին մեծ գիտնականին գիւտով եւ ձեռքբերումներով:

«Ռոստելեկոմ»-­ի հանրային կապերու բաժինէն յայտնած են, որ ձեռնարկին ներկայ եղած են ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեանը, «Ռոստելեկոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հայկ Ֆարամազեանը, տնօրէնութեան կազմի եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Օրուան ընտրութիւնը կարեւոր կը համարուէր անոր համար, որ Փետրուար 5-­ը հայ անուանի գիւտարար Յովհաննէս Ադամեանի (1879­-1932) ծննդեան օրն էր, որ երազած էր իր հայրենիքին մէջ ստեղծել եւ առաջին անգամ գործարկել գունաւոր պատկերներ հեռարձակող սարք:

1925-ին Երեւանի համալսարանի յատուկ տարրալուծարանին մէջ էր, որ ան պատրաստած եւ աշխարհին առաջին անգամ գործարկուած վիճակով ցուցադրած է «Հեռատես» եռագոյն պատկերման սարքը: Համանման համակարգ Եւրոպայի մէջ ներկայացուած է միայն երեք տարի անց:

«Ռոստելեկոմ»-ը Հայաստանի մէջ իր բոլոր բաժանորդներուն կը տրամադրէ նորագոյն ճարտարագիտական լուծումներով յագեցած Smart հեռատեսիլի ծառայութիւնը, որ Յովհաննէս Ադամեանի գիւտի մերօրեայ զարգացումն է: Շնորհիւ «Ռոստելեկոմ»-ի՝ Երեւանի եւ մարզերու բնակիչները հնարաւորութիւն ունին դիտելու ամենապահանջուած ալիքներն ու օգտուելու ժամանակակից հնարաւորութիւններէն՝ հեռատեսիլի արդիական համակարգերուն շնորհիւ: Նման հեռատեսիլի համակարգեր կը գործեն աւելի քան 20 երկրի մէջ` ԱՄՆ, Չինաստան, Զուիցերիա, Պուլկարիա, Պելառուսիա, Սինկափուր, Ինտոնեզիա, ԱՊՀ եւ այլ երկիրներ:

«Ռոստելեկոմ»-ի եւ Երեւանի պետական համալսարանի համագործակցութիւնը յետագային պիտի կրէ շարունակական բնոյթ` նոր շունչ տալով համատեղ նախագիծերու եւ ծրագիրներու իրագործման համար:

Նշենք, որ Յ. Ադամեանը հեռատեսիլի եւ լուսահեռագրութեան բնագաւառներուն մէջ ստացած է 21 արտօնագիր (Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ): Ռուսիոյ մէջ 1918 թուականին ստեղծած է առաջին սարքը, որ կը հաղորդէր եւ կը ցուցադրէր սեւ եւ սպիտակ պատկերներ, որ մեծ նուաճում էր հեռատեսիլի զարգացման բնագաւառին մէջ: 1945-­1951 թուականներուն, ԱՄՆ-­ի Գոլոմպիա (CBS) ռատիոընկերութիւնը Նիւ Եորքի մէջ կատարած է փորձնական ցուցադրութիւն, իսկ 1951-­1953 թուականներուն՝ Ադամեանի համակարգը ընդունուած է իբրեւ կայուն համակարգ եւ օգտագործուած գունաւոր պատկերներ ցուցադրելու համար:

Scroll Up