«Երբ Ես Կը Նկարեմ, Շուրջս Աստուծոյ Ներկայութիւնը Կը Զգամ».Ռուդիկ Պետրոսեան

Մեր հայրենակիցներէն շատերը  հանգամանքներու բերումով խարիսխ դրած են օտար ափերու վրայ եւ իրենց  տաղանդի, Աստուածային անուրանալի շնորհի ոսկեդրոշմը դրած աշխարհի պատմութեան էջերուն, ինչպէս մեծ բանաստեղծ` Սեւակը  գրած է`«« Ուր էլ, որ հասել, որտեղ էլ եղել, ջանացել ենք մենք ամէնքի՛ համար, Շինել ենք կամուրջ,Կապել ենք կամար… Ամէն տեղ թողել մեր աչքից ցոլանք…»: Իր տաղանդի իւրօրինակ դրսեւորումներով մեր ժամանակներու լաւագոյն նկարիչներէն մէկը` Նիւ Ճըրսի բնակող, արցախցի մեր հայրենակիցը, անուանի նկարիչ Ռուդիկ Պետրոսեանի արուեստի բարձրարժէք գործերը կը զարդարեն աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ բնակող նշանաւոր մարդոց անձնական հաւաքածուները, տարբեր քաղաքներու արուեստի թանգարաններու, պատկերասրահներու հպարտութիւնը  դարձած են: Բազմաթիւ մրցանակներու, պարգեւատրումներու ու տիտղոսներու արժանացած հայորդին կը շարունակէ ստեղծագործել, կը շարունակէ աշխարհին ցոյց տալ Հայաստանի, Արցախ աշխարհի բացառիկ բնութիւնն ու նոյնքան բացառիկ գոյները: «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին ինծի համար բացայայտուեցաւ նաեւ արուեստագէտի մարդկային գեղեցիկ հոգիի նկարագիրը, որմով ան կ’ընկալէ աշխարհն ու մարդոց, մեզի շրջապատող երեւոյթները:

Բարի՛ գալուստ Հայրենիք, յարգելի՛ հայրենակից: Սկսանք մեր զրոյցը հէ՛նց Ձեր արմատներէն. ուրկէ՞ ատոնք սկիզբ կ’առնեն:

-Ծնած եմ Արցախի մէջ, Ստեփանակերտցի եմ, մայրս Հադրութի շրջանէն է, հայրս` Շուշիէն. ասոնք են իմ արմատներուս ակունքները: Դեռ միջնակարգը չաւարտած` տեղափոխուած եմ Երեւան եւ ուսումս շարունակած Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ, որմէ յետոյ բարձրագոյն կրթութիւն  ստացած եմ Երեւանի գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ:

Ղարաբաղի բնութիւ՞նը Ձեզի նկարիչ դարձուցած է, թէ՞ նաեւ ժառանգաբար փոխանցուած շնորհ ունիք:

-Ի հարկէ՛, շնորհապարտ եմ իմ հայրենի բնութեան, որուն ակունքներէն սնուած է նաեւ հայրս, որ եւ՛ կը նկարէր, եւ քանդակէ՛ր: Եթէ Ստեփանակերտ երթաք ու հարցնէք, թէ որոնք են վարպետ Սիմոնի գործերը, ով  եղած է ան, իւրաքանչիւր ստեփանակերտցի կը պատմէ անոր մասին եւ ցոյց կու տայ անոր քանդակները, անոր ստեղծած աղբիւրը, մարմարի քարերով կառուցած անոր տունը: Երեք տարեկան էի, կը յաճախէի մանկապարտէզ եւ արդէն իմ նկարներս կը ցուցադրուէին: Այսինքն` ունիմ նաեւ ժառանգաբար փոխանցուած շնորհ, որուն համար երախտապարտ եմ արմատներուս եւ Աստուծոյ:

Պարո՛ն Պետրոսեան, կրնա՞ք յիշել, թէ ո՞րն է Ձեր մանկութեան տարիներու առաջին նկարը, ի՞նչ թեմայով, որուն ցոյց տուած էք, ո՞վ  խրախուսած է Ձեզի, թեւեր տուած:

-Կը յիշեմ` մանկապարտէզի մէջ էի, ընդամէնը 4 տարեկան, ու ձմեռ կը նկարէի (յետագային` հասուն տարիքի մէջ, ես նման  ձմեռ մը նկարեցի` յիշելով 4 տարեկանիս նկարած ձմեռը. այդ նկարս Պեռլինի մէջ յատուկ մրցանակի արժանացաւ եւ 2016 թուականի համաշխարհային լաւագոյն նկարիչներու ալպոմին մէջ զետեղուեցաւ ), իմ` 4-ամեայ փոքրիկի նկարը տարին դպրոց, ժողկրթական բաժին: Այդ փոքր նկարս առիթ դարձաւ, որ ժողկրթական բաժինի թատրոնի նկարիչներուն վճարեն, եւ ես ու եղբայրս` Ռոբերտ Պետրոսեանը, որ նոյնպէս նկարիչ-քանդակագործ է, միասին կը յաճախէինք նկարչութեան յատուկ դասերու: Իմ հիմքս շատ ամուր է, որովհետեւ այդ տաիքէն սկսած` 6 նկարիչներու մօտ կը յաճախէի եւ ամէն մէկէն  հմտութիւն մը կը սորվէի:

Յաջողութիւնները Ձեզ վաղ տարիքէն  ուղեկցած են, այդպէ՞ս է…

-Այո՛, կարելի է այդպէս ըսել. դեռեւս առաջին շրջանի ուսանող էի, երբ ցուցահանդէս ունեցայ: Ատիկա մեծ իրադարձութիւն էր, շատերը կը հետաքրքրուէին իմ աշխատանքներովս. Մինաս Աւետիսեանը ըսաւ ինծի` դուն կատարեալ նկարիչ ես, այդ գնահատականը իմ ամբողջ կեանքիս մէջ միշտ պարտաւորեցնող եղաւ: Այդ ցուցահանդէսին տարբեր երկիրներէ ներկայ էին շատ երեւելի անձիք. Լեհաստանի գլխաւոր դատաւորը ներկայ էր, Չեքոսլովաքիոյ նախագահը կը ցանկար գնել իմ նկարներէս, ատիկա արդէն ինծի համար մեծ գնահատական էր, ես նկար չէի վաճառեր, եւ նախագահին հաւնած նկարը նուիրեցի իրեն: Ինծի հանդիպած բոլոր հայերը ներկեր ու արուեստի գիրքեր կը նուիրէին, ներկերու պակաս չէի ունենար: Հիմնարկ յաճախելու տարիներուս դարձեալ  ցուցահանդէս մը պէտք է ըլլար` մրցանակային երեք տեղերով, ես իմ գործս  քիչ մը ուշացումով  ներկայացուցի, ըսին, որ այլեւս ոչ մէկ տեղ  մնացած է, միայն` մէկ առաջին տեղ…այդ նկարները պէտք է Մոսկուա, Լենինկրատ տարուէին, եւ իմ նկարս առաջին տեղով հասաւ այդ քաղաքները: Ես միակ ուսանողը եղած եմ, որ 18 տարեկանին Նկարիչներու միութեան անդամ  դարձած է, այդ տարիքին չէր թոյլատրուեր միութեան շարքերուն ըլլալ:

Պարո՛ն Պետրոսեան, Դուք Ղարաբաղի զմրուխտեայ բնութեան գիրկէն տեղափոխուած  Էք ասֆալտապատ Երեւան…շէնքեր, շէնքեր… կանգ չառաւ՞ Ձեր ստեղծագործական ընթացքը բազմայարկերու խեղդուկ մթնոլորտին մէջ:

-Երբ Թերլեմեզեան կը յաճախէի, վարձով կը բնակէի Կոնդի մէջ եւ կը շարունակէի նկարել. Բան  չխանգարեց զիս: 12 տարի ապրած եմ Լիբանան, ուր կիսապատերազմական վիճակ էր, ճգնաժամ, սակայն ես այդ պայմաններուն մէջ ալ կը շարունակէի ստեղծագործել: Անգամ ռմբակոծութիւններու ձայներու ներքոյ նկարած եմ: երբ ես կը նկարեմ, իմ շուրջս Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգամ:

Գիտեմ, որ շատ մրցանակներու, պագեւներու  արժանացած էք. ո՞ր մէկն է Ձեզի համար ամենաթանկն  ու յիշարժանը:

-Շատ մրցանակներ ու շնորհակալագիրներ ունիմ. վերջերս Իտալիոյ մէջ ստացայ «Լէոնարտօ տա Վինչի մրցանակ», 2015-ին Փալերմոյի մէջ «ժամանակակից ծովից ծովը» նկարին համար ստացայ մրցանակ, 2016-ին ունիմ շատ մրցանակներ` Հռոմի մէջ արժանացայ «2016-ի լաւագոյն նկարիչ» մրցանակին, նոյն տարին արժանացած եմ «Գեղարուեստական կարիերայի մրցանակ»-ին, մեծ պատիւ կը համարեմ այն, որ Հռոմի Պապ Պենեդիկտոս 16-րդը  շնորհակալութիւն  յայտնած է ինծի եւ տիպլոմի արժանացուցած. շատ է այդ մրցանակներուն թիւը, դժուար է յիշել բոլորը: Ողջ աշխարհի մակարդակով բազմաթիւ ցուցահանդէսներու  մասնակցած եմ, իմ նկարներէս շատերը հանգրուանած են աշխարհի ճանչցուած թանգարաններու ու պատկերասրահներու մէջ, անհատ մարդոց հաւաքածուներու մէջ, սակայն ինծի համար ամենամեծ գնահատականը ժողովուրդին կողմէ տրուածն է, այդ առումով դէպք մը պատմեմ. ուսանող տարիներուս Ղարաբաղի մէջ տուն մը կը նկարէի` հատ-հատ հաշուելով ու նկարելով քարերը: Տատիկը  հարցուց, թէ սիրուն տուները ձգած` ինչու՞ այդ հին, անշուք տունը կը նկարեմ…երբ աւարտած էի նկարը, տատիկն ու շրջապատի մարդիկ զարմացան ու ըսին` միթէ՞ այդ տունը այդքան գեղեցիկ  եղած է, եւ իրենք չեն ալ նկատած…ահա սա՛ է լաւագոյն ու թանկ գնահատականը:

Բնականաբար, նաեւ կը վաճառէք Ձեր նկարները. հեշտութեա՞մբ կը բաժնուիք Ձեր նկարներէն:

-Ի հարկէ, կը վաճառեմ, սակայն, այո՛, կան նկարներ, որոնցմէ կը դժուարանամ բաժնուիլ. շատ մեծահարուստներ կան Նիւ Եորք, որոնք լաւագոյն արժէքով պատրաստ են գնելու, սակայն ես չեմ վաճառեր եւ կ’ըսեմ` հերոսութիւն է չվաճառելը:

Պատուէրով աշխատանքներ կը կատարէ՞ք:

-Կատարած եմ ու կը կատարեմ, սակայն վերջերս սկսած եմ խուսափիլ. վերջին պատուէրը, որն ընդունեցի, իմ ընկերներէս մէկուն` Գագիկ Յարութիւնեանի պատուէրն էր «Քրիստոնէութեան ընդունումը Հայաստանի մէջ»:

Որ՞ն է Ձեզի համար ամենաթանկ նկարը:

-Բոլորն ալ իմ հոգեզաւակներն են. շատ  կարեւոր կը համարեմ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած մեծ կտաւը:

Ընտանիքին մէջ ունի՞ք Ձեր գործը շարունակողներ:

-Այո՛, աղջիկս` Մերի Պետրոսեանը, կ’ըսեն, որ ինծմէ լաւ  կը նկարէ, թոռնիկներս ալ կը  նկարեն:

Դուք, ըլլալով ղարաբաղցի, այսօր ի՞նչ կ´ընէք Ղարաբաղի համար:

-Նոր չէ, որ ես Ղարաբաղի համար ինչ-որ բան կ´ընեմ. նախ ըսեմ, որ ես միշտ նկարած եմ իմ ծննդավայրս, բարեգործական շատ ցուցահանդէսներ  ունեցած եմ, որոնց հասոյթը փոխանցուած է երկրաշարժի գօտիին,Ղարաբաղին: Սովորաբար, չեմ ուզեր վաճառել Արցախին նուիրուած նկարներս, բայց մէկ կողմէն ալ կը մտածեմ, որ այդ նկարները վաճառելով օտարերկրացիներուն`անոնց կը պատմեմ Արցախի մասին: Սա նաեւ քաղաքականութիւն է:

Օր մը կը վերադառնա՞ք` ապրելու Ձեր ծննդավայր Արցախի մէջ:

-Շատ  մտածած եմ այդ մասին. աշխարհով մէկ ցրուած բոլոր հայերուն քայլերը  օր մը պիտի բերեն իրենց ծննդավայր, Հայրենիք:

Պարո՛ն Պետրոսեան, ո՞վ է ըստ Ձեզի նկարիչը…

– Նկարիչը աշխարհը գեղեցկացնողը, փոխողը, աշխարհին, կեանքին ու մարդոց գոյներ տուողն է:

Դուք աշխարհաճամփորդ  արուեստագէտ մըն էք,  հայ մարդ մը, որ ծնած է Ղարաբաղ, ուսանած Երեւանի մէջ, ապրած Լիբանան, կ´ապրի Նիւ Ճերսիի մէջ…եւ, այնուամենայնիւ, ամէն ինչի սկիզբը, մէջտեղը, աւարտը եւ կեդրոնին մէջ եղա՛ծ ու կը մնայ մարդու Հայրենիքը. ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:

-Այո՛, աշխարհաճամփորդ եմ, շրջած եմ աշխարհի շատ երկիրներով, ներկայացուցած եմ Հայաստանը, հայ մարդուն,Արցախ աշխարհը: Հայրենիքը կը մնայ  ուրիշ բարձունքի վրայ, կը մնայ սրտիդ ամենաթանկ անկիւնին մէջ: Հայրենիքը պարտքի զգացում է, Հայրենիքը խղճիդ ձայնն է:

Շնորհակալութիւն, պարո՛ն Պետրոսեան: Ստեղծագործական աննախադէպ յաջողութիւններ կը մաղթեմ. թո՛ղ Ձեր նկարներէն ու Ձեր կեանքին մէջ չպակսին Հայաստանի եւ Ձեր ծննդավայր Արցախ աշխարհի անկրկնելի գոյները:

Կարինէ Աւագեան

%d5%b1%d5%b4%d5%a5%d5%bc %d5%b6%d5%b8%d6%82%d5%bc

Scroll Up