«Բանակի Օր» ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի Մէջ

«Հայերն այսօր»- Ուրբաթ, 27 Յունուար 2017, ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) 9-րդ եւ 10րդ դասարաններու աշակերտներս մեր հայերէնի դասարանէն ներս տօնեցինք«ԲանակիՕր»:

Յունուար 28-ն Հայաստանի մէջ «Բանակի Օր» է: Ինչպէս հայկական բանակը ամէն տարի Երեւանի Հրապարակի վրայ ռազմական շքերթով կը տօնէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը, նոյնպէս մենք՝ հայրենիքի հետ սրտակից, խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեցինք հայոց յաղթական բանակի 25ամեակը:

Մեր փոքրիկ յայտագիրը սկսաւ աղօթքով: Նահատակ հայ զինուորներուն համար Եռաբլուրի լուսանկարին ներքեւ երգեցինք «Տէր Ողորմեա»ն եւ Տէրունական աղօթքը: Ապա դիտեցինք Երեւանի մէջ անցեալ տարի կատարուած շքերթին տեսաերիզը: Զարմանքով մնացինք երբ օդուժը երկինքը Եռագոյն ներկեց: Նաեւ հիացումով դիտեցինք «Հրացաններու պար»ը, երբ զինուորներու ընտրանի մը սպիտակ հրացաններով կը կատարէր յատուկ ցուցադրութիւն:Վերջաւորութեան միաբերան երգեցինք «Հզօր Հայաստան» երգը եւ Հայաստանի քայլերգը:

Նշենք նաեւ, թէ ամբողջ շաբաթ հայերէնի դասարանէն ներս մեր ուսուցիչը պարոն Նորայր Տատուրեանը մեզի հիմնական գիտելիքներ փոխանցեց Հայաստանի զինուած ուժերու,- բանակի, սահմանապահ ուժերու, օդուժի եւ խաղաղապահ ուժերու, ռազմական վարժարաններու- մասին: Նոյնիսկ տեսանք «Կռունկ»ը, մեր անօդաչու օդանաւը: Իսկ այժմ նամակներ կը գրենք սահմանապահ մեր քաջ զինուորներուն: Այդ նամակները պիտի տանինք Հայաստանի հիւպատոսարան եւ պիտի խնդրենք որ զանոնք ուղարկեն զօրամասեր:

Մեր զինուորներուն կը մաղթենք ուժ, կորով եւ խաղաղ ծառայութիւն:

%d5%a2%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%af

Scroll Up