Ալմելոյի Հայ Համայնքնը Արձագանքած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Կոչին
Նոյեմբեր 13-ին Ալմելոյի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, ուր պիտի ներկայանայ Ալմելոյի հայ համայնքին կողմէ նախաձեռնած «Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին» արշաւին գործողութիւններուն մասին: Այն իր բնոյթով իւրովի արձագանք է «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» սփիւռքի նախարարութեան կոչին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հոլանտայի հայ համայնքէն:
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուին հոլանտահայերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն տուժածներու ընտանիքներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնները:
Այդ օրը պիտի ներկայացուի նաեւ երկու յոբելեան: Տեսանիւթերու միջոցով մասնակիցները պիտի ծանօթանան եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մաշտոցի 5-ամեայ աշխատանքային գործունէութեան Հոլանտայի Ալմելօ, Ասսէն, Առնհեմ եւ Մաստրիխտ քաղաքներուն մէջ:
Միւս յոբելեարը Մանուկ Մկրտչեանն է: Արդէն 10 տարի ան մեծ սիրով ու ստեղծագործական աւիւնով կը ղեկավարէ Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը: Դպրոցի այսօրուան յաջողութիւններուն համար մեծ է Մանուկ Մկրտչեանի աւանդը, ներդրումը` մատաղ սերունդի կրթութեան ու հայեցի դաստիարակման գործին մէջ: