Ֆրանսայի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Պարգեւի Յանձնման Արարողութիւն

Ֆրանսայի Կրենոպլի եւ Տոֆինէի հայ մշակոյթի տունը 2015 թուականին մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան եւ 2016 թուականի Հոկտեմբերին կայացած ձեռնարկին ժամանակ արժանացած է «Լաւագոյն հայկական համայնք»  2–րդ կարգի մրցանակի:

Այս առիթով 2017 թուականի Յունուար 24-ին Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցած է պարգեւի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Կրենոպլի քաղաքապետ, Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւոր Էրիկ Փիոլը, փոխքաղաքպետ Պերնար Մակրեն, Ռոն Ալպի շրջանային խորհուրդի ներկայացուցիչ Նաթալի  Պերանժեն, ծերակուտականներ, ԱԺ պատգամաւորներ եւ հայ համայնքի  ներկայացուցիչներ: Պարգեւի յանձնման առիթով ցուցադրուած է  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը եւ Մշակոյթի տան 34-ամեայ գործունէութեան վերաբերեալ ֆիլմը:

Ներկայացուած են Կրենոպլ եւ Սեւան քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս իրականացուած աշխատանքները: Ձեռնարկին աւարտին մշակոյթի տան հովանիին տակ գործող մէկօրեայ դպրոցի եւ «Երեւան» պարախումբի սաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ:

%d5%a3%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%b8%d5%a2%d5%ac3%d5%a3%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%b8%d5%a2%d5%ac2%d5%a3%d6%80%d5%a5%d5%b6%d5%b8%d5%a2%d5%ac1

Scroll Up