25 Գարուններ… Հայոց Բանակը Հայ Պետականութեան Պահապանն է
«Բանակն ազգի ինքնաճանաչման հայելին է, բոլոր հայերու ծնունդն է, հայութեան հաւաքական կերպարն է, անոր պատասխանատուութիւնը, անոր պատմութեան վերագնահատումը եւ հայեացքը ապագային։
Սպր. Վազգէն Սարգիսեան
25 տարիներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս՝ սպարապետ Վազգէն Սարգիսեանի հրամանագիրով կազմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը: 25 տարիներ ետք, Հայոց Բանակը իր բազուկները սեղմած ու լայնաթափ սփռած կը սաւառնի բարձունքներ, յաղթանակներ արձանագրելով ու իր շարքերը համալրելով արդիական զրահներով եւ սարքաւորումներով:
Սակայն, Հայկական բանակին գործունէութիւնը ներհայկական, ապահովական եւ պաշտպանողական ծիրին մէջ չի սահմանափակուիր, այլեւ միջազգային գետնի վրայ իր ուրոյն եւ հաստատուն դիրքը կը փայփայէ, հպարտօրէն արդարացնելով իր կատարած առաքելութիւնը:
28 Յունուարի կէսօրուան ժամը 12-ին, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղին մէջ գտնուող ԻՒՆԻՖիԼ-ի իտալական զօրանոցին մէջ: Հոն, հայկական զօրագունդը պիտի նշէր Հայոց Բանակի
25-րդ յոբելենական տարեդարձը:
Այս հպարտ առիթով, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Քեպապճեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Սեդրակ Քիւրէճեան , ԹՄՄ տեղական վարչութեան ներկայացուցիչ` Օրդ. Անի Պոզոյեան, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ուսուցիչներ՝ Պրն. Աւետիս Տիպան, Տիկ. Ռիթա Թամուկեան,Օրդ. Սիլվա Պոզոյեան եւ լիբանանահայեր ուղղուեցան հարաւ` մասնակցելու համար պաշտօնական շքեղ հանդիսութեան, որմէ ետք ճաշակեցին հայկական տոհմիկ եւ աւանդական ուտեստներ պատրաստուած հայկական զօրագունդի զինուորներուն եւ խումբ մը լիբանանահայերու կողմէ:Ընկերային մթնոլորտի մը մէջ բարեմաղթութիւններ եւ յուշանուէրներ փոխանցուեցաւ հայ զինուորներուն:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՄԱԿ-Ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ ու դրօշներու տողանցքով, որմէ ետք միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրագունդի հրամանատար՝ Կարէն Աթոյեան ողջունեց դեսպան Մկրտչեանը:Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան «Տէրունական Աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեց հայկական ջոկատն ու ներկաները, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Նահատակներուն յիշատակը:
Հրամանատար Կարէն Աթոյեան ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց պատիւը ընդունելու եւ իրենց հետ կիսելու յոբելենական ուրախ պահերը, ապա խօսքը ուղղելով հայկական ջոկատի զինուորներուն ըսաւ. «Դուք ամիսներ առաջ կը գտնուէիք ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ եւ ձեր առաքելութիւնը կատարած էք հպարտութեամբ: Դուք հասկցած էք խաղաղութեան գինը` ձեր սեփական մարմինին վրայ զգալով արկերու մահաբեր սարսուռը: Այժմ դուք կը գիտակցիք խաղաղութեան արժէքը եւ այսօր կը կատարէք խաղաղապահ առաքելութիւն, քաջ գիտակցելով անոր խոր իմաստը իւրաքանչիւր երկրի եւ ընտանիքի համար»:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, իր կարգին ջերմ ու գորովալից խօսքերով շնորհաւորեց Հայոց Բանակին ստեղծման յատկանշական 25-ամեակը, յորդորելով կառչած մնալ հայրենիքի սուրբ հողին, պահպանել կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ սատարել միջազգային խաղաղապահութեան: Ան նաեւ բարձր գնահատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը` նշելով որ, աւելի ազնիւ գործ չկայ քան երկրի մը եւ ժողովուրդի մը խաղաղութեան ապահովումը: Շնորհաւորական խօսքի աւարտին ան շեշտեց ըսելով.- «Անփորձանք մնացէ՛ք եւ ծառայեցէ՛ք ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան եւ ժողովուրդի կայուն բարգաւաճման ու զարգացման»:
Տեղի ունեցաւ նաեւ վկայագրերու, պատուոգրերու եւ շնորհակալագրերու փոխադարձ տուչութեան արարողութիւն, ուր պատուարժան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը պատուեց զօրանոցի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուկո Չելլոյին, հարիւրապետ Կարէն Աթոյեանին, ԻՒՆԻՖԻԼ-ին, Լիբանանեան բանակին եւ հայկական զօրագունդի զօրավարներուն, ենթասպաներուն եւ յիսնապետներուն, որմէ ետք Հայաստանի մասին ցուցադրուեցաւ տպաւորիչ, հետաքրքրական ու միեւնոյն ժամանակ գոտեպնդիչ տեսաերիզ մը, որ իր դրական դրոշմը ունեցաւ նաեւ ներկայ օտար երկիրներու ներկայացուցիչներու մօտ: Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ 25-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում, ձեռամբ վսեմաշուք դեսպան Մկրտչեանին եւ հրամանատար Աթոյեանին:
Հայկական ջոկատի 32 զինուորներէ բաղկացած խումբի անդամները ազգային երգերով ու պարերով զարդարեցին տօնական հանդիսութիւնը:
Յոբելենական այս տօնակատարութեան առիթով՝ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ներկայացուցիչները պատկառելի եւ գեղեցիկ յուշանուէրներով պատուեցին հայկական ջոկատի զինուորները, անոնց նուիրելով արծաթեայ խաչքարէ պատրաստուած թեւնոցներ: Իսկ Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ուսուցիչները իրենց ոգեւորիչ խօսքերով ողջունեցին քաջարի զինուորները ու անոնց նուիրեցին գրքոյկներ, որոնց մէջ տեղ գտած էին վարժարանի միջնակարգ Բ. Եւ Գ. կարգերու աշակերտներուն կողմէ գրուած ու հայ զինուորին ուղղուած սրտի խօսքեր:
Հայոց Բանակը հայ պետականութեան սիւնն է ու յաւերժ պահապանը: Փառք ու պատիւ մեր քաջարի առիւծներուն: Թող 25 անգամ գարուններ տօնուին մեր աննկուն ու խրոխտ հայոց բանակին եւ հայոց պետականութեան:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ