Տո՛ւն Վերադարձիր, Հա՛յ Զինուոր. Կը Գրեն Էսթոնիա Ապրող Հայ Փոքրիկները

«Հայոց յաղթանակած բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով էսթոնիոյ Թալլին եւ Թարթու քաղաքներու «Մաշտոց» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները, «Երազանք» երաժշտական խումբը, «Նամակ հայ զինուորին» խորագիրին ներքոյ, իրենց բարեմաղթանքներն ու երաժշտական ողջոյնը յղած են հայ զինուորին:
Կը խոնարհինք մեր զինուորին առջեւ` մեր անհոգ առօրեան ապահովելու, մեր Հայրենիքը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար: Կը խոստանանք` հայրենիքէն հեռու գտնուելով ալ սորվիլ մեր լեզուն, հաստատուն պահել ու լուսաբանել մեր մշակոյթն ու աւանդոյթները: վերադարձի՜ր ՏՈՒՆ, Հա’յ Զինուոր»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը գրէ Թալլին քաղաքի «Մաշտոց» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ճաննա Շահպազեան: