Յուշ-Երեկոյ Շուէտի ՄԷջ` Նուիրուած Հրանդ Տինքի Յիշատակին

Յունուար 19-ին Սթոքհոլմի «ABF» կեդրոնին մէջ տեղի  ունեցած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որուն մասին «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին  մանրամասնութիւններ հաղորդած է Շուէտի  Հայ դատի  յանձնախումբի եւ  Շուէտի  հայկական միութիւնները  համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան:

Վերջինս ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս յետոյ` 2007–ի Յունուարին, Սթոքհոլմի կեդրոնական հրապարակին վրայ համադրող կեդրոնը բողոքի ցոյց նախաձեռնեց, որուն ՀԿ-ի հրաւէրով մասնակցեցան ասորիներու, քիւրտերու եւ յոյներու ըմկերակցութիւնները եւ այլ շուէտական կազմակերպութիւններ: Յաջորդող տարիներուն Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէն Շուէտի մէջ յուշ-երեկոներ կազմակերպեց, որուն իր գործուն մասնակցոթիւնը ունեցաւ ՀԿ-ն:

Քանի որ այս տարի կը լրանար Հրանդ Տինքի մահուան տաս տարին, համադրող կեդրոնը որոշեց ներկայանալի կազմով մասնակցիլ յուշ-երեկոյին. շուէտահայ համայնքէն ձեռնարկին մասնակցեցան Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Շուէտի  հայկական միութիւններու  համադրող կեդրոնի նախագահ  Արշակ Գաւաֆեան, Շուէտի  հայկական միութիւններու  համադրող կեդրոնի  խօսնակ եւ նախկին նախագահ, ցեղասպանագէտ Վահագն Աւետեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակութեան հայրապետական պատուիրակ, համայնքի հոգեւոր հովիւ  տէր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:

Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Տինքի ժառանգութեան` նշած է, որ Հրանդ Տինքը այն եզակի գործիչներէն էր, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ կը խօսէր հարեւան ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան ծաւալման անհրաժեշտութեան մասին, առաջիններէն էր, որ չէր վախնար համարձակօրէն խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին` համոզուած ըլլալով, որ երկու ժողովուրդները կրնան համատեղ ջանքերով յաղթահարել Ցեղասպանութեան հետեւանքները:

Ըստ ՀՀ դեսպանին, այսօր` Տինքի սպանութենէն մէկ տասնամեակ անց, անոր օրինակով ոգեշնչուած շատերը կը բարձրացնեն անոր  պայքարի ջահը` յանուն ժողովրդավարութեան, Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան եւ մարդու իրաւունքներու:

Արշակ Գաւաֆեան խօսած է Տինքի սպանութեան դրդապատճառներուն մասին` շեշտելով, որ լրագրողի սպանութենէն 10 տարի յետոյ Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը առաւել քաոսային  դարձած է, եւ որ նմանօրինակ սպանութիւններու պարագային  վայրագ, բռնատիրական կազմակերպութիւններու կամ մարդոց մօտեցումները միշտ այդպիսի պատկեր կ’ունենայ. չկարենալով յաղթել գաղափարական հակառակորդներուն` ֆիզիկապէս կ’ոչնչացնեն անոնց:

Բանախօսը աւարտին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի  հայ ազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին` յիշեցնելով, որ անոր նկատմամբ ուժեղ քարկոծում եւ հալածանք կը գործադրուի: Արշակ Գաւաֆեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն իրողութեան, որ Հրանդ Տինքի դէմ կիրառուող ճնշումներն այժմ նաեւ Կարօ Փայլանի հանդէպ կը կատարուին:

Ան խնդրին շուրջ առաջարկած է` Շուէշտի  եւ այլ պետութիւններու մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն ու կուսակցութիւններուն իրենց բողոքի ձայնը հնչեցնեն` դադրեցնելու ոտնձգութիւնները հայազգի պատգամաւորին հանդէպ: Արշակ Գաւաֆեան նշած է նաեւ, որ համացանցով աջակցութեան ստորագրահաւաք  սկսած են` ի պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանի:

 Համադրող կեդրոնի խօսնակ եւ նախկին նախագահ Վահագն Աւետեան նոյնպէս նշած է Թուրքիոյ մէջ վերջին տաս տարիներուն ընթացքին ազատ խօսքի եւ մամուլի վիճակի վատթարացման մասին` կարեւոր համարելով Թուրքիոյ հետ բանակցային թոյլ քաղաքականութիւն վարելու գործընթացքին փոխարէն` ճնշումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը`  նշելով, որ ատիկա Եւրոմիութեան, խորհրդարանական պատգամաւորներուն, կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս օրինակ` Ամնեստինի եւ սահմանազերծ լրագրողներու միութեան պարտականութիւնն է քննադատութիւն ուղղել Թուրքիոյ եւ ստիպել, որ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ համապատասխան քայլեր ձեռնարկէ:

«Հրանդ Տինքն իր կեանքով օրինակ ծառայեց շատերուն` մարդկայնօրէն ապրելու եւ մաքառելու յանուն արդարութեան, ճշմարիտ խօսքի ազատութեան` իր անձը որպէս ողջակէզ դնելով ազգի զոհասեղանին:

Աղօթք եւ խունկ անոր արդար հոգիին համար, եւ Աստուծոյ օգնութիւնը Հրանդ Տինքի արդար գործը որպէս ազգային առաքելութիւն շարունակելու համար»,-ըսած է Տէր Եղիշէն:

Շուէտահայ համայնքին կողմէ յուշ-երեկոյին մասնակցելու հրաւէր  ստացած են նաեւ Կարօ Փայլանն ու Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը, որոնք զբաղուածութեան պատճառով չեն կրցած ներկայ գտնուիլ: Ռաքէլ Տինքն իր ողջոյնի խօսքը  յղած է եւ երախտագիտութիւն յայտնած նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու համար, որն ալ փոխանցուած է հաւաքուածներուն:

Աւելցնենք նաեւ, որ յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են պատգամաւորներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Ելոյթ  ունեցած են պատգամաւոր, Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէի նախագահ Տեսիրէ Պետրուսը, փոխնախագահ, յուշ-երեկոյի կազմակերպման պատասխանատու Իսա Թուրանը, շուէտական «PEN» միութեան գլխաւոր քարտուղար Աննա Լիւիոն Ինգվարսոնը, Շուէտի լրագրողներու միութեան նախագահ Եոնաս Նորդլինգը, «Amnesty International» Շուէտի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Անդրիա Պոդեկուլը, «SvD» օրաթերթի փոխնախագահ Անդերշ Պեորկմանը, Շուէտի մէջ քրտական համադրող խորհուրդի նախագահ Քէիա Իզոլը, Շուէտի մէջ յայտնի լրագրող Քուրտօ Պակշին:

Գէորգ  Չիչեան

257468

Scroll Up