Ռուբէն Քեշիշեան.«Կեանքիս լաւագոյն տարիները անցուցած եմ ՀԲԸՄ մէջ»

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի բարեգործական միութեան պատասխանատու եւ պատուոյ ատենապետ Ռուբէն Քեշիշեանն է:
Ռուբէն Քեշիշեան 1973 թուականէն 50 տարի շարունակ անդադար աշխատած է Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ` ղեկավարելով ՀԲԸՄ-ի վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը: Հայրենիքին մատուցած նշանակալի աւանդի եւ ծառայութիւններու համար ան շարք մը բարձրագոյն պարգեւներու արժանացած է. ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պարգեւատրած է «Մխիթար Հերացի» մետալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած է «Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով, իսկ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր շնորհած է «Պօղոս Նուբար» մետալը:
Ռուբէն Քեշիշեանի հայրը Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն եղած է, որուն աչքին առջեւ սպաննած են իր հօրը: Թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ըլլալով` յայտնուած է Հալէպի ամերիկեան որբանոցին մէջ, իսկ 1927 թուականին հաստատուած է Արժանթին:
Պարոն Քեշիշեան 17 տարեկանէն որպէս ատենապետ սկսած է աշխատիլ Արժանթինի Երիտասարդաց միութեան մէջ` գիտակցութեան մէջ մշտավառ պահելով Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գաղափարը:
«Ծնողներս ամէն քայլափոխի մեզի կը պատգամէին` մեր գործունէութեամբ, կատարած աշխատանքով նեցուկ ըլլալ Հայաստանին, նպաստել Հայրենիքի զարգացման: Հետեւելով անոնց պատգամին` Երիտասարդաց միութեան մէջ 11 տարի շարունակ հայապահպանութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման ուղղուած զանազան մշակութային ծրագիրներ իրականացուցած եմ: Թիրախին մէջ հիմնականին համայնքի հայ երիտասարդներն էին »,-յիշեց պարոն Քեշիշեան:
1973-2013 թուականներուն ըլլալով ՀԲԸՄ-ի վարչութեան քարտուղար` Ռուբէն Քեշիշեան շարունակած է մշակութային բուռն գործունէութիւնը: Կ’ըսէ, որ կեանքի լաւագոյն տարիները անցուցած է ՀԲԸՄ մէջ, որոնք այժմ լուսաւոր ժպիտով կը յիշէ:
Միայն 1973 թուականին Հայաստանէն հիւրախաղերով Արժանթինի հայ համայնք այցելած են արուեստագէտներ Ռուբէն Մաթեւոսեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Լուսինէ Զաքարեան եւ շատ այլ ճանչցուած, սիրուած դէմքեր: ՀԲԸՄ-ի ջանքերու շնորհիւ Պուէնոս Այրէս եկած է նաեւ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան, որ իր այցելութեամբ այնքան ոգեւորած է համայնքի անդամները, որ դպրոցներէն մէկուն դասասենեակը անոր անունով անուանակոչուած է:
Բոլոր ծրագիրները իրականացուած են այն ժամանակի միակ` Հայաստանը Սփիւռքին կապող պետական կառոյցի` Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հետ սերտ համագործակցութեան արդիւնքով: Հէնց Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հրաւէրով Ռուբէն Քեշիշեան 1971 թուականին առաջին անգամ Հայաստան այցելած է:
Պարոն Քեշիշեան կը յիշէ, որ այդ տարիներուն ընթացքին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, չեն վհատուած, այլ միախմբուած շարունակած են կատարել բոլոր ծրագիրները` ի շահ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի: Բոլորին մօտ գերակայ խնդիր եղած է հայ մնալը եւ երիտասարդներուն հայրենասիրութեամբ դաստիարակելը:
Ռուբէն Քեշիշեան զրոյցի վերջաւորութեան ջերմութամբ եւ ուրախութեամբ խօսեցաւ Արժանթինի, մասնաւորապէս Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքին մասին. «Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքը շատ կենսունակ է, որ աչքի կ’իյնայ համախմբուածութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Այն Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկն է, այստեղ կ’ապրին այնպիսի հայրենասէր ու նուիրեալ մարդիկ, որոնք իրենց գործունէութեամբ փառք ու պատիւ կը բերեն ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ Արժանթինին: Համայնքէն ներս կը գործեն 7 հայկական եկեղեցիներ, բարեգործական, մշակութային միութիւններ, պարախումբեր, երգչախումբեր եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այլ հաստատութիւններ: Պուէնոս Այրէսի մէջ յայտնի է «Արմէնիա» փողոցը, ուր կը գտնուին հայկական բոլոր կարեւոր կառոյցները` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» դպրոցը, ՀԲԸՄ-ի շէնքը, «Մարի Մանուկեան» կրթամշակութային կեդրոնը, «Թէքէյան» մշակութային միութիւնը, «Սարդարապատի» խմբագրատունը, «Արմէնիա» մշակութային միութիւնը, Դաշնակցութեան ակումբը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Առաջադիմականները, Այնթափի տունը»,-եզրափակեց Ռուբէն Քեշիշեան:
Այժմ ալ Ռուբէն Քեշիշեան գործուն մասնակցութիւն կ’ունենայ համայնքին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն. 2006 թուականին` ՀԲԸՄ-ի հիմնադրման 100-րդ տարեդարձին, ընտրուելով ՀԲԸՄ-ի ատենապետ` կը շարունակէ ազգանպաստ ծրագիրներու իրագործումը:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան