Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները օրէօր կ’ամրապնդուին, շնորհիւ ՀՀ նախարար Հ. Յակոբեանին

Աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ քաջ կը գիտակցի, թէ Հայրենիքի անկախութենէն ետք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին հայժողովուրդը ապրեցաւ իսկական վերազարթօնք մը, հակառակ այն իրողութեան որ տակաւին գոյութիւն ունին առկախ մնացած բազմաթիւ հարցեր, գլխաւորաբար Ղարաբաղեան պատերազմի յարուցած բարդութիւնները, արտագաղթի համաճառակը եւ տնտեսական տագնապը: Եթէ յետադարձ հայեացք մը սեւեռենք մեր մօտիկ անցեալին, յստակօրէն մեր մտապաստառին վրայ պիտի ուրուագծուի թէ ինչպէս 1960-ականներէն սկսեալ Հայրենիքի շունչով ապրող սփիւռքահայուն համար Հայաստան կը խայտար իր նորագոյն զարթօնքով, շնորհիւ յատենի հայրենի պետականութեան ամրապնդմամբ: Այդ ժամանակահատուածին իւրաքանչիւր գիտակից սփիւռքահայ, կառչած մնալով Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի կառոյցին, Հայրենիքէն «խապրիկ» մը իմանալու յոյսով կ’երեւեփէր, որովհետեւ Հայրենիքէն հեռու ապրելով հանդերձ Հայրենիքի արձանագրած իւրաքանչիւր նուաճում, յաղթանակ մը տարած ըլլալու երջանկութիւնը կը պարգեւէր անոր:

Միթէ՞ նոյնը չէ մեր առջեւ պարզուած պատկերը: Եթէ անցեալին տեղի կ’ ունենային Հայ արուեստագէտներու,  մշակութային եւ կրթական գործիչներու փոխադարձ այցելութիւններ, սփիւռքահայ ուսանողներու բարձրագոյն ուսում ստանալու պատեհութիւններ, ազգային-հայրենասիրական միութիւններու մէջ անուն նուաճած սփիւռքահայ դէմքերու հրաւէրներ, այսօր կարկինը այնքան լայն բացուած է, շնորհիւ հայրենի մեր ձեռներէց Սփիւռքի նախարարին՝ Հրանոյշ Յակոբեանին, որ իր ուսերուն վրայ ծանրաբեռնած է դժուարին, սակայն լրջագոյն ծանրակշռութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, ազգանուէր ու ազգօգուտ գործունէութիւն, իր քաղաքական, ազգային ու պատմական նշանակութեամբ:

Ահա թէ ինչպիսի տքնաջան աշխատանքներով, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի իւրաքանչիւր անձնուէր անհատ, համագործունէութեան բարձր ոգիով տոգորուած, այսօր իրականութիւն կը դարձնեն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նորանոր զարգացումները, Հայաստանի ու հայ ժողովրդի վարկանիշը ամրապնդող ծրագրերը, համահայկական կրթական, մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու տարածումը, եւ բոլորին շատ սիրելի «Արի տուն» հարուստ ծրագրով կ’աջակցին աշխարհասփիւռ հայ ուսանողներու հայրենադարձութեան եւ ամենակարեւորը՝ սփիւռքահայ բազմահազար երիտասարդներու ուխտագնացութեան ի Հայաստան:

Հակառակոր Սփիւռքի Նախարարութիւնը ազգային-հասարակական կառոյց կոչումն ստացաւ, սակայն ան իր հիմնադրութենէն կարճ ժամանակի մը մէջ դարձաւ հանրապետութեան առաջատար հիմնարկներէն մէկը, որովհետեւ անոր աշխատանքի ծիրըը նդգրկեց հանրապետութեան եւ Սփիւռքահայ կեանքի տարբեր ոլորտներ: Իսկ Սփիւռքին առընչուելու անոր առաքելութիւնը նախարարութիւնը դարձուց աւելի քան քաղաքական ու ազգային կազմակերպութիւն: Նախարարութեան դերը օրըստօրէ աւելի կ’ուրճանայ ու նշանակալի կը դառնայ իր ծաւալած գործունութեան պարունակէն ներս, յատկապէս Հայրենիքի ու Սփիւռքի տարածքինս կազմակերպելով համագումարներ զանազան մարզերու մէջ: Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները օրէօր կ’ամրապնդուին, շնորհիւ ՀՀ նախարար Հ. Յակոբեանին, որովհետեւ իր ոչ միայն ազգային ու քաղաքական կեանքի վաստակն ու փորձը, այլ նաեւ բացառիկ հաղորդականութիւնն ու անհատականութիւնը մեծապէս կը գնահատուի Սփիւռքահայ իրականութեան կողմէ:

Այսօր անվարան կարելի է բարձրաձայնել, թէ Սփիւռքի նախարարն ու իր ժրաջան աշխատակազմը արժանացած է մեր ջերմ սիրոյն, գնահատանքին ու յարգանքին իր անկեղծ ու անաչառ հայրենասիրութեան, ազգային շահերու անզիջում պաշտպան ըլլալուն շնորհիւ: Հակառակ Սփիւռքի հատուածականութեան ու այժմու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող դժուարին ու ճնշիչ պայմաններուն` ան յանդգնութիւնը կ’ունենայ ծաւալելու հաւասարակշիռ գործունէութիւն եւ ամենակարեւորը՝ մեզի կը փոխանցէ պետական ու ազգային բարձր մակարդակի մտածողութիւն:

Պայծիկ Գալայճեան

Scroll Up