Երէկ Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Մասնակից, Այսօր` Նորափեսայ

Կը նուիրուի Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եկաւ մէկ անգամ եւս ապացուցելու հայ ժողովուրդին համախմբուած ըլլաը: Այդ օրերուն մարդկային եւ այլ կորուստներ տեսած Արցախին օգնելու նպատակով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացուեցան, իսկ որոշները յիշարժան ու ապրեցնող պատմութիւններ դարձան:
«Հայերն այսօր»-ը այդ օրերուն ներկայացուցած էր ոչ սովորական պատմութիւն մը, որուն «հերոսը» վիրահայ Նանումեան ընտանիքն էր:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային տան մէջ Արցախին աջակցելու համար վիրահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն-վաճառք կազմակերպած էր: Կարէն Նանումեան քանի մը նկար գնելէ յետոյ ելոյթ ունենալու համար ձայն խնդրած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած ատրպէյճանական յարձակումներէն տուժած արցախցիներուն օգնելու գործին մէջ հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Ապա կնոջմէ ներողութիւն խնդրելով` մատէն հանած է ամուսնական ոսկեայ մատանին եւ յայտարարած, որ այն Արցախ կ’ուղարկէ: Ազգութեամբ ռուս կինը նոյնպէս միացած է ամուսնուն որոշման եւ առանց մէկ վայրկեան վարանելու` մատնեմատէն հանած է իր մատանին` յայտարարելով, որ այն կը ծառայեցնէ նոյն նպատակին:
Մատանիները «ուղեւորուած» են Ղարաբաղ եւ յանձնուած Արցախի բանակի հոգեւոր սպասաւոր Սամուէլ սարկաւագ Մկրտչեանին այն պայմանով, որ ատոնք պսակադրութեան ընթացքին յանձնէ դիրքերէն վերադարձած առաջին ամուսնացող զինուորին:
Մատանիները երկար չսպասեցին իրենց «նոր տէրերուն». խորհրդանշական պատմութեան յաջորդ հերոսները դարձան Յարութ եւ Սոնիա Մնացականեանները:
Յարութ Մնացականեանը հասարակական գործունէութեամբ կը զբաղի, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան երիտասարդական թեւի «Հայրենեաց պաշտպան» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան նախագահն է, նաեւ եղած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահը:
Իսկ Սոնիան Արցախի պետական համալսարանի «Կենսաբանութիւն» բաժանմունքի մագիստրատուրայի մէջ կ’ուսանի, նաեւ կառավարիչ կ’աշխատի:
Յարութի եւ Սոնիայի սիրոյ պատմութիւնը համալսարանական տարիներուն սկիզբ առած է, երբ Յարութը 2012 թուականին բանակին մէջ ծառայութիւնը աւարտելէ յետոյ կիսատ ձգած ուսումը շարունակած է Արցախի պետական համալսարանին մէջ:
Անոնք ուսանողական աշխոյժ կեանքով ապրած են, միասին երիտասարդական տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած, որմէ յետոյ ալ Յարութը հասկցած է` անտարբեր չէ աղջկան նկատմամբ:
Յարութը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ Ապրիլ 2-ին Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կից գումարտակի կազմին մէջ առաջամարտիկներէն մէկը եղած է, որ կամաւորութեան սկզբունքով առաջնագիծ մեկնած է:
Երիտասարդ զոյգը որոշած էր 2016 թուականի Ապրիլին ամուսնանալ, բայց արդէն յայտնի դէպքերուն պատճառով պսակադրութեան եւ ամուսնութեան արարողութիւնը կայացած է ամառը:
Խոստումին համաձայն` Յարութը զինուորական համազգեստով եկեղեցի գացած է եւ այդ զգեստով ալ Սուրբ խորանին առջեւ կնոջը տէր ըլլալու խոստում տուած:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Յարութը ըսաւ, որ մատանիներու պատմութեան մասին իմացած է իր կնքահայր` Սամուէլ սարկաւագէն: Պատմութիւնը զինք այնչափ յուզած ու տպաւորած է: Ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը կրկնապատուած է, երբ իմացած է, որ այն կրելու իրաւունքը իրեն փոխանցուած է:
Նուիրատուներուն հետ ծանօթանալու հետաքրքրութիւնը այնքան մեծ եղած է, որ որոշած է անպայման գտնել անոնց: Արցախի եւ Վրաստանի մէջ ապրող երկու հայ ընտանիքներուն կամրջած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականը: Յարութը ըսաւ, որ «Հայերն այսօր»-ին անդրադարձը օգնած է զինք, համացանցի միջոցով գտնել Նանումեան ընտանիքը:
Սակայն միայն առցանց շփումով չեն սահմանափակուած եւ որոշած են իրական կեանքի մէջ հանդիպիլ իրարու: Կարէն Նանումեան կնոջ հետ երկու անգամ Արցախ գացած է, որ առիթ հանդիսացած է, աւելի ամրապնդուին անոնց յարաբերութիւնները: Միասին լաւ ժամանակ անցուցած են` շրջելով Արցախի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով:
Իսկ այս ամառ նորապսակ զոյգը իրենց ամառնային հանգիստը կը պատրաստուին իրականացնել Վրաստանի մէջ, ինչպէս Յարութը կը նշէ` արդէն հարազատ դարձած մարդոց մօտ:
«Արցախցիի անկոտրում ոգով կը շարունակենք առաջ ընթանալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային` արժանի հակահարուած տալ թշնամիին: Քառօրեայ պատերազմէն յետոյ յետաձգուած բոլոր հարսանքիները կայացան, Արցախի մէջ տհոլ-զուռնայի շատ ձայներ լսուեցան: Որ կը փաստէ, Արցախի երիտասարդները կը շարունակեն եւ՛ պատերազմիլ, եւ՛ ընտանիքներ կազմել»,-զրոյցը ամփոփեց Յարութ Մնացականեան:
Գէորգ Չիչեան