Բաբգէն Արք. Չարեանի Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Է Երիտասարդական Դասախօսութիւններու Շարքի Առաջին Հանդիպումը

Մոնրէալ (Նորանոր) — Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի հովանաւորութեամբ, ուրբաթ` Յունուար 20-ին, կազմակերպած էր Առաջնորդարանի երիտասարդական դասախօսութիւններու շարքի առաջին հանդիպումը` խորհուրդի վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան վրդ. Թաշչեանի ղեկավարութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի ֆէյսպուքեան էջը:

Դասախօսութիւններու շարքի առաջին նիւթն էր «Երիտասարդութիւնը, Հայ եկեղեցին եւ հասարակական կեանքի ամէնօրեայ փոփոխութիւնները»: Ներկայացնելով թեման` Հայր Վարդան խօսած է Աստուածաշունչի մասին եւ թէ ինչու՞  կարեւոր է ընտանիքներուն մէջ կարդալ Աստուծոյ խօսքը, ի՞նչը մեզի ետ կը պահէ եկեղեցի երթալէն, հայ հասարակութեան մէջ ինչպիսի՞ առաւելութիւններ կամ թերութիւններ կան, ի՞ նչ է երիտասարդ, ընտանիք եւ եկեղեցի գաղափարները միացնող կապը, ինչպէս նաեւ  շարք մը այլ հարցերու մասին:

Դասախօսութեան մասնակից երիտասարդները հետաքրքրութեամբ լսած են Հայր Սուրբին, ապա տեղի ունեցած է խմբային զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ հնչած են հետաքրքրական եւ գործնական առաջարկներ:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցած է խանդավառ եւ մտերմիկ հաւաք:

Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ` Փետրուար 3-ին, ժամը 19:30-ին, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

 

 

Scroll Up