Ալպէր Եւ Լէյլա Արոյեաններ 200 Հազար Տոլար Կը Նուիրեն Արցախի Նոր Կիլիկիա Գիւղին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/0118aroyan.jpg)
Ասպարէզ-14 Սեպտեմբեր 2016ին, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան եւ մոնթրէալաբնակ բարերար Ալպէր Արոյեան Արցախի մէջ այցելեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող նորաստեղծ Նոր Կիլիկիա գիւղը:
Սոյն այցելութեան նպատակն էր, մօտէն ծանօթանալ Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրին մաս կազմող Նոր Կիլիկիա գիւղի բնակարաններու շինարարական աշխատանքներուն: Սոյն բնակարանները կը տրամադրուին ազատամարտիկներու եւ զինուորներու ընտանիքներուն:
Այս առթիւ, տէր եւ տիկին Արոյեաններ 200 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեցին Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարական աշխատանքներուն:
Նշենք, որ Ալպէր Արոյեանի ազգանուէր գործունէութեան համար, Արամ Ա. վեհափառ Գանատա իր այցելութեան ընթացքին, 2016ի Հոկտեմբեր 7ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, Ա. Արոյեանին շնորհեց «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանը: