Կլետիս Պէրէճիքլեանը` Նոր Հարաւային Ուելսի Վարչապետ

Կլետիս Պերեճիքլեան  Յունուար 23-ին միաձայն ընտրուած է Լիպերալ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին` դառնալով  Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի 45-րդ վարչապետը: «Հայերն այսօր» փոխանցմամբ` այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական The Guardian պարբերականը:

Լիպերալ կուսակցութեան կողմէն հրաւիրած հանդիպումը տեւած է առաւելագոյնը 15 վայրկեան: Պէրէճիքլեան, իբրեւ կուսակցութեան առաջնորդ ընտրելուելէն զատ, անոր տեղակալ ընտրուած է ելեւմտական նախարար Տոմինիք Փերոդեդը: Կ՝ակնկալուի, որ Պերեճիքլեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունենայ Յունուար 23-­ի երեկոյեան` Կառավարութեան տան մէջ կայանալիք ձեռնարկին:

«Ես Սիտնէյ  ծնած եմ, բայց ծնողներս գաղթականներ էին, ուստի մենք տան մէջ հայերէն կը խօսէինք: Երբ դպրոց գացի, անգլերէն ոչ մէկ բառ գիտէի, բայց մայրս միշտ կ’ըսէր ինծի. «Անգամ եթէ համոզուած չես, թէ ինչ կը հարցնէ ուսուցիչդ, ձեռքդ բարձրացուր»: Ասիկա է , որ միշտ առաջ մղած է զիս ողջ կեանքիս ընթացքին»,-իր ելոյթին ժամանակ պատմած է Պերեճիքլեան:

Աւելցնենք, որ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Մայք Պերդը որոշած էր անձնական պատճառներով հեռանալ քաղաքականութենէն:

Հեռանալէն առաջ վարչապետ Մայք Պերդ այդ պաշտօնին իր աջակցութիւնը  յայտնած է հայուհի Կլետիս Պերեճիքլեանին: Ան կը վստահեցնէ, որ Կլետիսը հիանալի վարչապետ կ’ըլլայ, որուն շնորհիւ Ուելսը կ’ունենայ կայուն յառաջընթաց: Ատոր մասին կը վկայեն նաեւ նախարարի պաշտօնին անոր  ունեցած մեծ յաջողութիւնները: Տեղի քաղաքական գործիչները համոզուած են, որ Կլետիսը` որպէս վարչապետ, պիտի զարմացնէ բոլորը:

Ի տարբերութիւն  շարք մը բարձրաստիճան հայերու` Պերեճիքլեան  հրաժարած է փոխելու իր ազգանունը:

img_340372

 

Scroll Up