Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցի Շուրջ Քննարկումներ Դանիոյ Խորհրդարանին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/դանիա.jpg)
Յունուար 19-ին Դանիոյ խորհրդարնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող նախագիծի քննարկումը: Նախագիծի հեղինակներն են Նիքոլայ Վիլլումսենը (Enhedslisten) եւ Ռասմուս Նորդքուիստը (Alternativet), սակայն նախագիծը ներկայացուցին Նիքոլայ Վիլումսենը (Enhedslisten) եւ Ռենէ Կելը (Alternativet):
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Անահիտ Կարապետեան` քնարկման ընթացքին ոեւէ մէկը չէր հերքեր Ցեղասպանութեան փաստը, բայց գերակշիռ մասը չէր ցանկար քաղաքական գնահատական տալ: Liberal Alliance եւ Dansk Folkeparti կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը պնդէին որ այդ հարցը պիտի չքաղաքականացուի եւ չէին խրախուսեր «Հայոց ցեղասպանութիւն» կամ «Կը դատապարտենք» բառերու առկայութիւնը նախագիծին մէջ` նշելով, որ ատիկա պատմաբաններուն գործն է, նախագիծի ընդունումը ոչ մէկ դրական արդիւնք կ’ունենայ Թուրքիա ապրող հայերուն կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:
Նախագիծի հեղինակներէն Նիքոլայ Վիլիւմսեն նշած է.«Տարիներ առաջ Դանիոյ խորհրդարանը (Ֆոլքետինկ) ընդունեց Հոլոքոստը դատապարտող բանաձեւ եւ այսօր երկրին մէջ ունինք Հոլոքոստի զոհերու յիշատակի օր: Ինչու՞ չենք կրնար նոյնը ընել հայերու հարցով, ինչու՞ կը վախնանք իսլամական սուլթանէն (Էրտողան-հեղ.)»:
Քննարկումներուն ընթացքին առաջարկներ եղած են վերանայելու հարցը, հեռացնելով «Դատապարտել, Հայոց ցեղասպանութիւն»-ը բառերը, որոնք իրականութեան մէջ կը փոխեն նախագիծի էութիւնը: Իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ամէն ինչ դուրս կը մնայ նախագիծէն, փոխարէնը խորհրդարանը «կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան բացակայութիւնը` կոչ ընելով բանալ արխիւները»:
Երկար քննարկումներէ ետք չեն յաջողած ընդհանուր համաձայնութեան գալու: Նախագիծի քննարկումը պիտի շարունակուի Յունուար 26-ին: