Այսօր Դանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը

Այսօր` Յունուար 19-ին Դանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման վերաբերեալ բանաձեւը պիտի քննարկուի:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` բանաձեւը խորհրդարանի օրակարգ բերուած է Enhedslisten, Alternativet կուսակցութիւններուն կողմէ, հեղինակներն են Նիքոլայ Վիլլումսենը եւ Ռասմուս Նորդքուիստը:

Դանիոյ թրքական կազմակերպութիւնները լայնածաւալ արշաւ  սկսած են այս նախաձեռնութիւնը տապալելու նպատակով: Հիմնական թիրախներ կը հանդիսանան խորհրդարանի այն անդամները որոնք կը պայքարին ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Սակայն դանիացի քաղաքական գործիչները կը նշեն, որ ժամանակն է, որ Դանիան դուրս գայ Թուրքիոյ ազդեցութենէն:

Կիւլլինք քաղաքի թանգարանի ղեկավար Մոնս Հոյմարկի դիտարկմամբ, պատմաբանները արդէն տուած են իրենց գնահատականը տեղի ունեցածը անուանելով Ցեղասպանութիւն, հիմա հերթն արդէն քաղաքական գործիչներուն է:

Կիւլլինք քաղաքի  թանգարանին մէջ կը պահուին դանիացի միսիոնար Քարէն Եփփէի կողմէ յանձնուած  քանի մը տասնեակ նմուշներ, որոնք կը հանդիսանան Ցեղասպանութիւնը փաստող անհերքելի ապացոյցներ:

 

 

Scroll Up