Ռուսաստանէն Սահմանամերձ Չինարի. Ամանորեայ Նուէրներ Սահմանամերձ Գիւղի Աշակերտներուն
Ռուսաստանի հայերու միութեան Խոստա քաղաքի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահի տեղակալ, գործարար Վալերի Մուրադեան եւ համայնքի ներկայացուցիչ Մարկոս Քեսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի նախաշեմին կրկին Հայաստան եկած էին:
Խոստայի մեր հայրենակիցները աւանդաբար կ’այցելեն Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի միջնակարգ դպրոցի աշակերտներուն` ամանորեայ նուէրներ յանձնելու եւ ամենակարեւորն ըսելու, որ միշտ անոնց կողքին են:
Դեկտեմբեր 29-ին անոնք Չինարի գիւղ մեկնած են` տօնական 100 նուէրներ յանձնելու աշակերտներուն: Բացի ամանորեայ նուէրներէն, առաջին դասարանցիներուն տուած են 11 բջջային հեռախօս, իսկ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, անոնց դասղեկին եւ Չինարի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանին յանձնած են 13 ուղեգիր` 2017 թուականի ամառնային հանգիստը Խոստայի մէջ անցնելու համար:
Տօնական ձեռնարկին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկած է Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի եւ Բերդի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արամ քահանայ Միրզոյեան, ներկայ եղած են Չինարի գիւղապետը, ուսուցիչները, գիւղի բնակիչները եւ այլ հիւրեր:
«Չինարցիներուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք: Ամանորեայ հանդէսը տեղի ունեցած է գիւղի հրապարակին վրայ, ուր հաւաքուած էին շուրջ 300 մարդ: Ազգային երգ ու պարի ուղեկցութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ` միասին նշեցինք Ամանորը, իսկ Ձմեռ պապի «պարտականութիւններ»-ը այս տարի նոյնպէս Վալերի Մուրադեանը ստանձնեց»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մարկոս Քեսեան` վստահեցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններ անպայման շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:
Մարկոս Քեսեան տեղեկացուց նաեւ, որ Սոչիի հայ համայնքի ղեկավար Հմայեակ Ուստեանի գլխաւորութեամբ եւ Չինարի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանի հետ քննարկումներու արդիւնքով կ’որոշեն` ինչ անհրաժեշտ պարագաներ ընտրել, որմէ յետոյ կը սկսին նուէրներու պատրաստման աշխատանքները իրականացնել:
Վալերի Մուրադեան, անդրադառնալով այս նախաձեռնութեան, «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ ապրելով Հայաստանէն հեռու` կը մտածեն Հայրենիքին օգտակար ըլլալու մասին եւ կը փորձեն միշտ աջակցութիւն ցուցաբերել: Եւ իբրեւ ամանորեայ բարեմաղթանք` ցանկացաւ` ամէն բացուող առաւօտ Հայաստանի համար խաղաղ ըլլայ, իսկ մարդիկ` բարեկեցիկ կեանքով ապրին:
Գէորգ Չիչեան